
Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:
Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան քաղաքական տարբեր կողմերուն մօտեցումները մէկտեղող գործնական ծրագիր մը ներկայացուցած է` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած ընտրական խառն օրինագիծին վերաբերող:
Ղանեմ նշեց, որ Ատուանի ներկայացուցած ծրագիրին նպատակն էր ներառել իւրաքանչիւր կողմի մտահոգութիւնը, էական դիտողութիւններն ու այն կէտերը, որոնց առումով զիջումներ կարելի է կատարել:
Ղանեմ նշեց, որ ենթայանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի օր` քննարկելու համար բոլորին տեսակէտները:
Ենթայանձնախումբի անդամ` Հըզպալլայի ներկայացուցիչ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը ի՛նչ ընտրական օրէնքի շուրջ որ համախոհութիւն գոյացնեն, իրենք համաձայն պիտի գտնուին այդ օրէնքին, ըլլայ ան խառն օրինագիծ թէ այլ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Ֆայեատի արտայայտած կեցուածքը պահ մը զիրենք համակած է այն զգացումով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը այդ բանակցութիւններուն մէջ անկիւնը դրուող կողմը կը կազմեն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը զգան, թէ ջանքեր ի գործ կը դրուին զիրենք առաջնորդելու դէպի 1960-ի ընտրական օրինագիծէն աւելի վատ ընտրական օրէնք մը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ յստակ եւ ակներեւ պատասխաններ տրուին` խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ ներկայացուցչութիւնը բարելաւելու առումով, յատկապէս այն ուժերուն կողմէ, որոնք կը մերժեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
Իր կարգին, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընտրական խառն օրինագիծ մը առաջադրած է ոչ իբրեւ Ամալ շարժումի նախագահ, այլեւ` իբրեւ ամփոփում մինչեւ օրս կատարուած խորհրդակցութիւններուն:


