ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միխայել Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանը 19 յունիսին կրնայ գումարել նիստ մը եւ իր նստաշրջանը երկու տարիով երկարաձգել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի ազգային շահերը անհրաժեշտ կը դարձնեն Լիբանանի կառավարութեան մէջ քաղաքական բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի արգելակել Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ հզօր յարաբերութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Հատի Հըպէյշը եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որոնց հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի թռիչքներ գործեց Լիբանանի վերեւ` հասնելով մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ Սուրիոյ պարտութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ արաբական աշխարհին քայքայման ու բաժանումին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ համախմբումը կը զօրակցի Սէուտական Արաբիոյ կամ այլոց հետ որեւէ մերձեցումի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առօրեայ կեանքը կը մնայ դիւրաբեկ եւ ան հոգատարութեան մնայուն կարիք ունի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու որեւէ օրէնք, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ հասարակ յայտարարներ գտնելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ յանձնառու է կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կը ստանայ բոլոր կողմերուն համախոհութիւնը:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ բողոքագիրի մը պատրաստութիւնը անխոհեմ քայլ մըն է եւ կրակին վրայ ձէթ կը թափէ:
ԿԸ նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա մօտիկ ապագային արտասանէ ճառ մը` անդրադառնալու համար լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւններուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւնները կը շարունակեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ ոչ մէկ ձեւով կը միջամտէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն:


