Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Ուէյքօ քաղաքին մօտ գտնուող պարարտանիւթի արտադրման գործարանի մէջ տեղի ունեցած պայթումը կը կարծուի 5-15 զոհ եւ աւելի քան 160 վիրաւոր պատճառած ըլլալ: Բազմաթիւ տուներ եւ շէնքեր ծանր վնասներ կրեցին: Զոհերուն շարքին էին 3-4 հրշէջներ, որոնք տեղւոյն վրայ նախապէս ծագած հրդեհի մը դէմ կը պայքարէին: Կը նախատեսուի, որ զոհերուն թիւը բարձրանայ:
Մինչ այդ, «Էֆ.Պի.Այ.»-ը յայտարարեց, որ ձերբակալած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ հանրապետական ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի` թունաւոր նիւթ պարունակող ծրարներու յղման հարցով կասկածելի մը` Միսիսիփի նահանգէն Փոլ Քեւըն Քըրթիսը:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու դէպքերն ալ տեղի ունեցան Պոսթընի ահաբեկչութեան անմիջապէս յաջորդող օրերուն ընթացքին:


