Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԸ ԽՆԴԻՐ ՉՈՒՆԷՐ ԳՐԱՒԵԼ ԱՄԲՈՂՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ

May 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախեան ազատամարտը խնդիր չունէր գրաւել ամբողջ Ազրպէյճանը, անիկա խնդիր ունէր ազատագրել Արցախը, ապահովել ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւն պարտադրել հակառակորդին», յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ճի՞շդ է այն տեսակէտը, ըստ որուն, զինադադարի հաստատումը Ազրպէյճանին թոյլ տուաւ խուսափելու լրջագոյն կորուստներէն, ժամանակ շահիլ եւ նախապատրաստուիլ հետագայ զինուորական արկածախնդրութեան, մինչդեռ եթէ զինադադար չըլլար, հայկական կողմը կրնար աւելի մեծ ձեռքբերումներ արձանագրել: Սէյրան Օահնեան նաեւ նշեց, որ յստակ է, որ դրուած խնդիրը լիարժէք կատարուած է: «Արցախի ժողովուրդը` իբրեւ ժողովրդավարական հասարակութեան օրինակելի կերպար, այսօր իր յառաջընթացը կ՛ապահովէ: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի ժամանակ շահելուն, կը կարծեմ միամտութիւն կ՛ըլլար կարծել, թէ միայն Ազրպէյճան օգտուած է ժամանակ շահելէն», յայտնեց Սէյրան Օհանեան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան խախտումներուն եւ հետախուզական գործողութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը նոյն հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այդ գործողութիւններով կը փորձէ իր զինուորականութեան մօտ կոտրել պարտուողի կարծրատիպը` փորձելով նաեւ ազդել հայ հասարակութեան վրայ: «Այդ գործողութիւնները հայ հասարակութեան եւ բանակին, ընդհակառակն`  համախմբուելու եւ վճռական գործողութիւններու առիթ կու տայ, ինչ որ մենք լիարժէքօրէն կ՛իրականացնենք: Անշուշտ այդ գործողութիւնները ունին նաեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքական շարժառիթ»:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ արձակազինութեան գործողութիւններու աշխուժացման, որոնց իբրեւ արդիւնք հայ զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին, նախարար Սէյրան Օհանեան նշեց, որ այսպէս կոչուած արձակազէններու պատերազմը մարտավարական առումով որեւէ կողմի առաւելութիւն չի տար: «Արձակազէններու գործողութիւններուն լիարժէք պատասխան կը տրուի, սակայն քանի որ այդ գործողութիւնները վերջին շրջանին մեր հանրութեան լայն քննարկման առիթ հանդիսացած են, ապա պիտի ցանկայի նորէն կրկնել, որ այդ գործողութիւններուն պատասխան կը տրուի անհամաչափ պատիժի կիրարկումով: Ատիկա կը նշանակէ, որ անոնք կը պատժուին քանի մը անգամ աւելի մեծ կորուստներով, այլ բան է, որ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները իրենց հանրութեան այդ մէկը կը ներկայացնեն իրենց ձեւով: Այսուհանդերձ, հակառակորդի արձակազինութեան գործողութիւնները բանակցային հոլովոյթին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու բացայայտ խախտումներ են եւ պէտք է արժանանան նաեւ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատականին: Այսպիսի գործողութիւններով անոնք կը ցանկան իրավիճակը մշտապէս լարուած պահել շփման գիծին վրայ եւ ազդել բանակցային հոլովոյթին վրայ», շեշտեց նախարար Օհանեան:

Անդրադառնալով գարնանային զօրակոչի կազմակերպման հարցին` պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ զօրակոչի հոլովոյթին ընթացքին բարեփոխումներ իրականացուած են զօրակոչիկներու ցանկագրման, բժշկական քննութեան, բժշկական յանձնախումբերու կազմի բարելաւման ուղղութիւններով:

«Ստեղծուած են համապատասխան մեքանիզմներ, որպէսզի մենք ներքին եւ արտաքին վերահսկողութիւն իրականացնենք զօրակոչի հոլովոյթին նկատմամբ: Այսօր զօրակոչը կը վերահսկուի ոչ միայն պաշտպանութեան նախարարութեան, այլեւ անվտանգութեան, իրաւապահ մարմիններու, քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու կողմէ: Կը գործէ նաեւ դիմում-բողոքներու յստակ մեքանիզմ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:

 

Նախորդը

ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՔ ՉԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.