
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուած էին շարք մը երեսփոխաններ:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական որեւէ օրէնքի, որուն շուրջ կը համաձայնին լիբանանցիները` աւելցնելով, որ պէտք է մէկ ամսուան ընթացքին մշակել ընտրական օրէնք մը, ինչպէս նաեւ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ինք քաջալերած է ընտրական օրինագիծերու քննարկման ենթայանձնախումբը, որպէսզի ան բարելաւէ իր ջանքերը եւ գումարէ իր նիստերը` ընտրական խառն օրինագիծին շուրջ համախոհութեան մը յանգելու համար, պայմանաւ որ այդ համախոհութիւնը գոյանայ ամէնէն մօտիկ առիթով, նոյնիսկ յառաջիկայ 15 մայիսին գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստէն առաջ:
Խորհրդարանի նախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի այս հանգրուանին կարելի ըլլայ դիմակայել Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն սպառնացող մարտահրաւէրները:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ այս հանգրուանին կարեւոր է խորհրդակցիլ խորհրդարանի նախագահին հետ, որ կը մնայ յանձնառու Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան:
Արսլան շեշտեց լիբանանեան միասնականութեան եւ համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապագան:
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արսլան փափաք յայտնեց, որ նման հարցերը չդրսեւորուին տեղեկատուական մարզին մէջ: Ան նշեց, որ ընտրական օրէնքը ոչ մէկ կապ ունի կառավարութեան եւ անոր կազմուածքին հետ` աւելցնելով, որ իրենց հիմնական հարցը համախոհութիւն գոյացնելու հարցն է:


