Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատի Հեռացումը Պէտք Չէ Առաջնահերթութիւնը Ըլլայ, Որովհետեւ Անմեղ Զոհերու Պատճառ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

April 18, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Լաւրով

Երէկ Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ահմեթ Տաւութօղլուի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Լաւրովի հետ քննարկեցինք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը եւ ատոր ունենալիք դերակատարութիւնը»` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը ջնջուած է եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար տնտեսականը ամրապնդելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «սուրիական տագնապը մեծապէս կ՛ազդէ Թուրքիոյ վրայ», իսկ «սուրիական տագնապը կը շարունակուի վարչակարգին բրտութեան պատճառով»` նշելով, որ «սուրիական բանակը թրքական հողերը ռմբակոծեց»:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է Սուրիոյ մէջ արեան բաղնիքը դադրեցնէ եւ սուրիացի ժողովուրդի կամքին աջակցի», ըսաւ ան` շեշտելով, որ «Սուրիան սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի եւ ոչ թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին»: «Սուրիական հարցին շուրջ Ռուսիոյ եւ այլ կողմերու հետ պիտի խորհրդակցինք», ըսաւ Տաւութօղլու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը իր եւ ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ»` նշելով, որ «որեւէ երկրի մէջ խնդիրները այլ երկիրներուն վրայ կ՛ազդեն, եւ ոչ ոք կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ պատերազմը շարունակել»: Ան այն համոզումը յայտնեց, որ «քաղաքական քննարկումը լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ»:

Լաւրով ըսաւ, որ «պէտք է ընդդիմութեան գործողութիւնները դադրեցնել, ինչ որ արգելք պիտի հանդիսանայ, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վատ զարգացում ունենայ»` աւելցնելով, որ «պէտք է ժողովրդավարական փոխանցման եւ զէնքերու վար դնելու հոլովոյթը սկսի»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը պէտք չէ առաջնահերթութիւն ըլլայ, եւ եթէ այդպէս է, ատիկա բազմաթիւ անմեղ զոհերու պատճառ պիտի դառնայ»:

Ան դիտել տուաւ, որ Տաւութօղլուի հետ քննարկած է սուրիական ընդդիմութեան եւ վարչակազմին միջեւ երկխօսութեան վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ «Ժընեւի համաձայնութեան մասին խօսեցանք եւ արծարծեցինք այն հարցը, որ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր դերակատարները պէտք է սուրիական տագնապին շուրջ Ժընեւի համաձայնութեան գործադրման եւ նախ եւ առաջ սուրիական ընդդիմութեան գործողութիւնները կասեցնելու կարելիութիւնները քննարկեն»:

«Մենք կը սպասենք, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը Ժընեւի համաձայնութեան համահունչ ըլլայ, եւ այդ ժողովին մասնակից լաւ կողմեր կան, սակայն վատ տարրերը գերիշխող են», ըսաւ ան` նշելով, որ սուրիական ընդդիմութեան մէկ մասը այդ ժողովէն լուսանցքայնացուած է եւ ժողովը ընդդիմութեան բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը չ՛ապահովեր:

Սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներուն համար մտահոգիչ զարգացումով մը «Վրեմիա»` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, հաղորդեց, որ ՄԱԿ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին կրնայ դադրեցնել սուրիական տագնապէն տուժածներուն օգնութեան տրամադրումը:

«Բնակչութեան պահանջները կ՛աւելնան, մինչդեռ մեր կարելիութիւնները կը սպառին` կապուած ելեւմտական եւ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան խնդիրներու ու այլ սահմանափակումներու հետ», կը նշուի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Թունուզի մէջ բնակող արեւմուտքցի դիւանագէտ մը «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քաթար Թունուզի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի վերջինս իր մայրաքաղաքին մէջ գործող Սուրիոյ դեսպանատունը սուրիական ընդդիմութեան յանձնէ:

 

Նախորդը

«Մեզի Կողմնակի Խորհուրդներ Պէտք Չեն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Իրանի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումին Աջակցելու Որոշում Մը Որդեգրեց

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.