Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1963)

April 17, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Աստղաբաշխութիւն

ԱՍՏՂԵՐԸ

Ամէն մէկ աստղ արեւ մըն է, իսկ ամէն մէկ արեւ ունի իր շուրջը ութ-տասը մոլորակներ: Կան աւելի ունեցողներ, ինչպէս` պակաս ունեցողներ:

Ուրեմն շարժանկարի աստղերը կը հետեւին տիեզերական օրէնքին` իրենց շուրջը ունենալով բազմաթիւ մոլորակներ:

Շարժանկարի աստղերն ալ կը բռնկին, կը փայլին, ինչպէս նաեւ կը մարին, կը խաւարին: Անշուշտ իրենց վերջնական խաւարումը արագօրէն կը կատարուի, ինչպէս իրենց բռնկումը կատարուած էր յանկարծակի:

Շարժանկարի աստղերն ալ ուրիշները կարենալ այրելու համար նախ իրենք կ՛այրին:

Դիւրին դեր չէ աստղի մը կատարելիքը:

Աստղը կրակ է, լաւագոյն է հեռուէն դիտել ու հիանալ:

ԱՆՀՈՒՆԸ

Տիեզերքի անսահմանութիւնը ըմբռնելու լաւագոյն կերպն է` մտածել մարդկային ունայնամտութեան մասին, որ անեզր է, անվերջ, անվախճան:

ՀԱՒԿԻԹ

Մոլորակներուն ու գիսաւորներուն արեւում մը շուրջը կազմած բոլորակները բոլորովին կլոր չեն, այլ` հաւկթաձեւ:

Այդ մոլորակներն ու գիսաւորները տիեզերքի անհուն պարապութեան մէջ դառնալով` բնական է, որ ածեն հաւկիթ կամ հաւկթաձեւ բան մը:

Մոլորեալ մարդ արարածը նմանապէս հաւկիթ կ՛ածէ, երբ զօրաւորին, գեղեցիկին կամ մեծահարուստին շուրջը դառնալ կը սկսի:

ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Աստղէ աստղ գոյութիիւն ունեցող հեռաւորութիւնը աներեւակայելի է: Մինչդեռ երբ կը նայինք երկինք, աստղերը կ՛երեւին մեզի քով քովի, իրարու մտերիմ կամ դրացի:

Հոլիվուտի «աստղ»-երն ալ այդպէս են. կը թուին գտնուիլ քով քովի: Մինչդեռ անչափելի կերպով հեռու են իրարմէ: Եւ երբ մերթ քիչ մը իրարու կը մօտենան, իրարմէ բան մը խլելու համար է (օրինակ. ամուսին մը): Ու խլողը ա՛լ աւելի կը հեռանայ:

ԿԱԹԻԼ ՈՒ ԿԼՈՐ

Ամէն կաթիլ կլոր է. ինչպէս կաթիլ մը ջուր, կաթիլ մը կաթ, կաթիլ մը ձէթ, կաթիլ մը գինի:

Ահա թէ ինչո՛ւ մոլորակները կլոր են, որովհետեւ կայլակներն են արեւուն, կայլակներն մեծ կամ փոքր:

Կաթիլներէն կաթած կաթիլիկներն ալ կոր են (արբանեակները):

Ամենայն ինչ կլոր է, քանի որ կազմուած է կաթիլներէ:

Ահա թէ ինչո՛ւ ոչինչ չկայ ուղիղ:

Ամենայն ինչ կլոր է, կոր է ու կորնչելի:

ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ՄԱՀ

Նոր աստղեր, նոր մոլորակներ, նոր արբանեակներ կը ծնին. իսկ ծնիլը ապացոյցն է մահուան:

Երբ արեւներն անգամ կը ծնին ու կը մեռնին, ա՛լ ուր կը մնայ մարդը, որ փրփուրի փսոր մը անգամ չէ անհուն տիեզերքին մէջ:

Գիտենք, թէ կը ծնինք մեռնելու համար, բայց թէ ի՛նչ ըլլալու համար կը մեռնինք, այդ մէկը միայն Աստուած գիտէ:

ԱՋԷՆ ՁԱԽ, ՁԱԽԷՆ ԱՋ…

Երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջը` երթալով աջէն ձախ:

Իսկ ժամացոյցին սլաքները, ինչպէս գիտէք կը դառնան ձախէն աջ:

Ուրեմն նիւթին ուղղութիւնը աջէն ձախ է, բայց ժամանակին ուղղութիւնը ձախէն աջ է:

Մոլորակները ու մոլորողները աջէն ձախ կ՛երթան: Ժամացոյցներուն սլաքներն ալ, առանց բացառութեան, կ՛ընթանան ձախէն աջ:

Նիւթը ձախին համար կը բանի (ահա թէ ինչո՛ւ ձախակողմեանները նիւթապաշտ են). իսկ ժամանակը աջին համար կ՛աշխատի (աջակողմեանք պիտի ժառանգեն երկնային թագաւորութիւնը):

Եւ սակայն կան մոլորակներ ձախէն աջ դարձող, բայց չկան ժամացոյցի սլաքներ աջէն ձախ դարձող:

Ուրեմն աջէն ձախ ու ձախէն աջ շարժումներ կան…

Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ խառնակութիւն չըլլայ աշխարհի վրայ: Կամ ըլլայ խաղաղութիւն:

ԲԱՒԱԿԱՆ Է

Կը կարծեմ, թէ բաւական է այսքան բաղդատական աստղաբաշխութիւն: Աւելի խորանալը վտանգաւոր է. մեր գլուխն ալ կը սկսի դառնալ աջէն ձախ, մինչդեռ մեր խելքը կրնայ դառնալ ձախէն աջ, ու մեր գանկին մէջ գտնուող կլոր կաթիլը կամ կուտը կրնայ ծռիլ…

Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Ընտրութեան Լոյսին Տակ. Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին` Միջնադարէն Մինչեւ Ներկայ Ժամանակներ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.