Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչումը Չի Նշանակեր Թշնամանք Ազրպէյճանի Նկատմամբ» Սպանիոյ Մէջ Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան

April 16, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Եւրանեսթ»-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ելոյթ ունեցաւ Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ` ներկայացնելով ղարաբաղեան տագնապի իսկական պատկերը:

Ըստ անոր, ճիշդ 25 տարի առաջ, 1988-ին, ինք, կանգնած Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքի մասնակիցներու կողքին, հպարտ էր, որ իր հայրենակիցները` հայերը, խիզախօրէն կանգնեցան Խորհրդային Միութեան ճնշող մեքենային դէմ ու պաշտպանեցին ազգային արժանապատուութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Քառորդ դար անցաւ, Խորհրդային Միութիւնը եւ շատ այլ բաժանարար պատեր փլուզումի ենթարկուեցան, նոր պետութիւններ ծնեցան եւ մենք այսօր կ՛ապրինք նոր փոխուած աշխարհին մէջ: Սակայն անցեալէն մնացած որոշ մասնիկներ կը շարունակեն խաղաղութեան հաստատման համար նոր վտանգ ստեղծել, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի հաւանական զարգացումը խափանել: Այդ խոչընդոտներէն մեծագոյն վտանգը կը ներկայացնեն Ազրպէյճանի տարածքային պահանջները եւ յարձակողական վարքագիծը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան` այնուհետեւ ներկայացնելով տագնապի ակունքները:

Ան ընդգծեց, որ Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքական տագնապը սկսաւ տակաւին 1918 թուականին, երբ «Ազրպէյճան» կոչուող երկիր մը յայտնուեցաւ քարտէսին վրայ: Ատիկա այն ժամանակն էր, երբ հայ ժողովուրդը թուլացած էր Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իր նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութենէն եւ պատերազմէն, սակայն ուժ գտաւ` վերականգնելու իր հայրենիքը աւերակներէն ու մոխիրէն եւ ստեղծելու սեփական անկախ պետութիւն: Բայց անկախութիւնը երկար չտեւեց. 1920 թուականին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կրկնակի յարձակումի ենթարկուեցաւ քեմալական Թուրքիոյ եւ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ կողմէ: Անոնք շրջապատեցին եւ բաժան-բաժան ըրին Հայաստանը` նոյն բեմագրութեամբ, որով ստալինեան Ռուսիան եւ նացիական Գերմանիան գրաւեցին ու մասնատեցին Լեհաստանն ու Պալթեան երկիրները: Թշնամիի ուժերը շատ աւելի գերազանցող էին  եւ անկախութիւնը կորսուեցաւ: Իսկ յետոյ Հայաստանը դաժանօրէն պատժուեցաւ` դարձեալ մասնատուեցաւ, Նախիջեւանի տարածքը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը ստիպողաբար, իրենց կամքին հակառակ միացուեցան Ազրպէյճանին, որ ինքնակամ մտաւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ընդգծեց, որ ամբողջատիրական վարչակարգը օգտագործեց տարբեր միջոցներ` ազգային հանրապետութիւնները հնազանդ պահելու համար: Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր «Կովկասեան տարբերակ»: Անոր հիմնական նպատակն էր այլանդակել եւ աղաւաղել ազգային կամ վարչական սահմանները: Անոնք այնպէս գծուած էին, որ որեւէ ազգային խումբ չէր կրնար կտրել-անցնիլ սահմանը առանց դրացիներու հետ տագնապին: Ասիկա միակ տարբերակը չէր: Կար նաեւ «Պալթեան տարբերակը», երբ հանրապետութիւններու ազգային կազմը թիրախ կը դառնար, բայց Հարաւային Կովկասի տագնապները հիմնականին մէջ յառաջացան արհեստականօրէն գծուած սահմաններու պատճառով:

«Ստիպողաբար Ազրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուած Ղարաբաղի բնակչութեան 95 առ հարիւրը տարատեսակ ճնշումներու կ՛ենթարկուէր` ազգային եւ կրօնական խտրականութիւն, տնտեսական խոչընդոտներ եւ ժողովրդագրական միտումնաւոր ձեռնածութիւն` յառաջացնելով ազգային զտում: Սակայն խորհրդային եւ ազրպէյճանական վարչակարգերուն երկարատեւութիւնը չէին ջնջած հայերուն` ազատութիւն եւ անկախութիւն ունենալու ցանկութիւնը` ո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ Ղարաբաղի մէջ», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան: Ան շարունակեց, որ 1988-ին հայերը, ոգեւորուած ու խաբուած «փերեսթրոյքայով եւ կլասնոսթով» սկսան իրենց խաղաղ պայքարը` Ազրպէյճանէն դուրս գալու համար, մինչդեռ Խորհրդային Ազրպէյճանի պատասխանը եղաւ դաժան բռնութիւնը եւ կոտորածները, որոնք կը կազմակերպուէին իշխանութիւններու կողմէ անզէն հայերու դէմ:

«26 փետրուար 1988-ին միջազգային հանրութիւնը ականատես եղաւ Սումկայիթի հայերու ջարդերուն: Սումկայիթը այդ ժամանակ Ազրպէյճանի մեծագոյն քաղաքներէն եւ արդիւնաբերական կեդրոններէն մէկն էր: Ջարդարարները լիակատար աջակցութիւն կը ստանային խորհրդային երկիրներու իշխանութիւններուն եւ զինեալ ուժերուն կողմէ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան` ներկայացնելով նաեւ այն ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն մէջ եւրոպացի երեսփոխանները կը դատապարտէին Սումկայիթի մէջ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայկական կոտորածները, եւ հաշուի առնելով Ազրպէյճանի մէջ հայերու կեանքի համար առկայ վտանգները, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղը հայկական պատմական տարածք է, կ՛աջակցէին Լեռնային Ղարաբաղի` Խորհրդային Հայաստանի միացման:

Վահան Յովհաննիսեան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը չի նշանակեր թշնամանք Ազրպէյճանի նկատմամբ: Անիկա երկարաժամկէտ կերպով պիտի ծառայէ երկկողմանի շահերուն: Ազրպէյճանն ու Ղարաբաղը կրնան շուտով իրենց ողբերգական անցեալը թօթափել եւ միասին մտածել պայծառ ապագայի մասին», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:

 

Նախորդը

Պաապտայի Ժողովը Կ՛որոշէ Սուրիական Ռմբակոծումներուն Դէմ Բողոքագիր Մը Յղել Արաբական Լիկային

Յաջորդը

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կը Պատրաստուի Վերսկսելու Իր Մարզային Այցելութիւններուն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.