Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կապուած Բոլոր Ժամկէտները Առկախեց Մինչեւ 19 Մայիս

April 11, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի` երէկուան նիստին ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որմէ բացակայեցաւ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը:

Պլոքին անունով խօսք առաւ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ Ազգային պայքարի ճակատը պիտի չմասնակցի նիստին:

Խորհրդարանի նիստին ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները առկախուեցան մինչեւ 19 մայիս, ինչպէս նաեւ ջնջուեցաւ օրէնքին վերաբերող թիւ 50-րդ յօդուածը, որուն համաձայն, թեկնածութիւն առաջադրած անհատը կը յաղթէ, եթէ թեկնածութիւն առաջադրելու օրինական ժամկէտը անցնի եւ անոր դիմաց ոչ մէկ մրցակից իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:

Այս յօդուածը ջնջելու դէմ բողոքեցին երեսփոխաններ Նիքոլա Ֆաթթուշ եւ Պութրոս Հարպ:

Պըրրի շեշտեց, որ այս առկախումին նպատակն է առիթ տալ խորհրդարանին, որ մէկ ամսուան ընթացքին ընտրական համախոհական օրէնքի մը կարելի ըլլայ յանգիլ, «այլապէս բոլորին ներկայութեան կը յայտարարեմ, թէ 15 մայիսին խորհրդարանը կոչուած է նոր օրէնքի մը յանգելու, նոյնիսկ եթէ ստիպուինք խորհրդարանին մէջ գիշերել», ըսաւ ան:

Պըրրի աւելցուց, որ այս որոշումը 1960-ի ընտրական օրէնքը չի ջնջեր, որովհետեւ օրէնքը միայն օրէնքով կը ջնջուի: «Այս խօսքերս արձանագրուած են խորհրդարանին ատենագրութեան մէջ, եւ ես յանձնառու եմ իմ խօսքերուս», աւելցուց Պըրրի:

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա համաձայն գտնուեցաւ այս օրէնքին` հաստատելով, որ անիկա չի ջնջեր թիւ 25/2008 օրէնքը:

Նշենք, որ անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խորհրդարանին կողմէ տրուած այդ որոշումին նկատմամբ վերապահութիւն յայտնած է եւ հաւանական նկատած զայն վիճարկումի ենթարկելու կարելիութիւնը:

Նախորդը

Երեսփոխանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Աւարտելէ Ետք. «Յանձնառու Կը Մնամ Ազգային Շահերու Կառավարութեան Կազմութեան» Շեշտեց Թամմամ Սալամ

Յաջորդը

Քանատական Թանգարանը Պիտի Չհրաժարի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Եզրէն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.