Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Տուաւ «Նոր Հայաստան»-ի Երդումը. Բախումներ` Ոստիկանութեան Եւ Ընդդիմադիր Ցուցարարներուն Միջեւ

April 10, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ բազմազարդ հանրահաւաքի մը ընթացքին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տուաւ «Նոր Հայաստան»-ի երդումը: Ան բառ-բառ կ՛արտասանէր երդման բնագիրը, իսկ հաւաքուած ժողովուրդը կը կրկնէր անոր խօսքերը:

«Ես` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիս, այսօր կը լուծարեմ իմ կապերս ներկայ անօրինական իշխանութեան հետ: Կը յայտարարեմ, որ չեմ ճանչնար կեղծ ղեկավարները, չեմ հնազանդիր սուտ օրէնքներուն, չեմ հնազանդիր անիրաւ հրամաններուն, ես լիազօրուած եմ իրաւունքովս, պաշտպանուած եմ սահմանադրութեամբ եւ ես չեմ վախնար, եւ ես չեմ ծախուիր, եւ ես չեմ նահանջեր: Մենք` Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան քաղաքացիներս, երդում կու տանք մեր պապերու երազանքով, մեր երեխաներու ապագայով, մեր պետութեան սահմանադրութեամբ, որ մենք պիտի պայքարինք, պիտի պայքարինք ամէնուր, պիտի պայքարինք սիրով, պիտի պայքարինք հաւատքով եւ պիտի չյոգնինք, պիտի չհիասթափինք, յոյս պիտի տանք իրարու, ուժ պիտի տանք իրարու եւ մենք պիտի յաղթենք», երդում տուին Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ անոր  համակիրները:

Անդրադառնալով երէկ Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութեան արարողութեան` Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք չէ հետեւած արարողութեան, բայց եթէ Սերժ Սարգսեան երդում տուած է եւ եթէ վեհափառը օրհնած է այդ երդումը, ինք չի ճանչնար ո՛չ Սերժ Սարգսեանը եւ ո՛չ ալ կաթողիկոսը:

«Ո՛չ կեղծ երդման, ո՛չ կեղծ նախագահին եւ ո՛չ կեղծ վեհափառին», յայտնեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան:

Թէեւ նախապէս նախատեսուած էր, որ «Նոր Հայաստան»-ի երդմնակալութենէն ետք համերգ տեղի պիտի ունենար, սակայն Րաֆֆի Յովհաննէսեան որոշեց երթ կատարել Երեւանի փողոցներով` անցնելով Հիւսիսային պողոտայէն եւ Հանրապետութեան հրապարակէն, ապա ծաղիկներ զետեղեց Միասնիկեանի արձանին վրայ` 1 մարտի տասը անմեղ զոհերու յիշատակին: Յովհաննէսեան այցելեց նաեւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի, ապա ուղեւորուեցաւ նախագահի նստավայրը:

Նշենք, որ Պռոշեան փողոցի կէսէն ոստիկանութիւնը փակեց ճամբան` թոյլ չտալով ցուցարարներուն շարժիլ դէպի Բաղրամեան պողոտայ:

Ոստիկաններուն Հետ Բախումները

Մոսկովեան փողոցէն բարձրանալով Բաղրամեան փողոց, Յովհաննէսեան եւ անոր աջակիցները հանդիպեցան մահակներով, վահաններով եւ սաղաւարտներով հանդերձաւորուած ոստիկաններու պատնէշին:

Րաֆֆի Յովհաննէսեանի աջակիցներու բազմութիւնը փակեց Բաղրամեան փողոցի երթեւեկութիւնը:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան, մօտենալով ոստիկաններուն, փորձեց ճեղքել պատնէշը, սակայն հանդիպեցաւ դիմադրութեան: Ոստիկանները սկսան վահաններով ետ հրել ցուցարարները: Ամբոխին մէջէն ոստիկաններուն ուղղութեամբ քանի մը մոմեր շպրտուեցան, անոնք բաժնուած էին հանրահաւաքի մասնակիցներուն` Ծիծեռնակաբերդ տանելու համար: Ընդդիմադիրները, սակայն, անմիջապէս սաստեցին մոմեր նետողները:

Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ոստիկաններով շրջափակուած, բարձրախօսով ելոյթ ունեցաւ եւ դիմելով ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանին, կոչ ուղղեց ցուցմունք տալ ոստիկաններուն, որ բանան ճամբան` թոյլ տալով իրեն համակիրներուն ուղեկցութեամբ խաղաղ երթով Բաղրամեան փողոցով երթալ դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

Յովհաննէսեան հանդարտութեան կոչ ուղղեց իր աջակիցներուն, այնուհետեւ դիմելով ոստիկաններուն, յորդորեց անոնց հանգիստ, իրենց պարտականութեան ծիրէն ներս ուղեկցիլ ցուցարարներուն:

«Եթէ ոչ 9 ապրիլը ազգային միասնութեան փոխարէն թող ըլլայ, ձեր ձեռքով, ձերբակալութիւններու, քաղաքական բանտարկեալներու օր», ըսաւ Յովհաննէսեան:

Սակայն, ոստիկանութիւնը անդրդուելի մնաց: Ցուցարարները փորձեցին երկրորդ անգամ ըլլալով ճեղքել ոստիկանական պատը եւ կրկին հանդիպեցան դիմադրութեան:

Աւելի ուշ Բաղրամեան փողոց եկաւ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեան: Շրջապատուած ոստիկաններու սաղաւարտներով ան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան մօտ 15 վայրկեան բանակցութիւններ վարեցին, որմէ ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան Գասպարեանի ուղեկցութեամբ գնաց դէպի Մոսկովեան փողոց, եւ հոնկէ` դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

Երբ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջնորդութեամբ ցուցարարները կը փորձէին Բաղրամեան պողոտայով Ծիծեռնակաբերդ երթալ, եւ ոստիկանները փակեցին անոնց ճամբան, բախում տեղի ունեցաւ ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ոստիկանները փորձեցին մահակներով ցրուել ցուցարարները: Ըստ «Երկիր»-ի թղթակիցին, այդ ընթացքին բաւական շատ հարուածներ ստացաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Արիւնլուայ վիճակի մէջ Արմէն Մարտիրոսեան կալանքի տակ առնուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Ձերբակալուեցան նաեւ բազմաթիւ այլ ցուցարարներ, որոնցմէ մաս մը ուշ գիշերին ազատ արձակուեցան:

Կալանաւորուեցաւ նաեւ նախագահի նախկին թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեան:

Երթին մասնակից ցուցարարները բաժնուեցան երկու մասի` ոստիկանութեան արգելքին պատճառով: Մաս մը մնաց Բաղրամեան պողոտային վրայ, իսկ միւս մասը Րաֆֆի Յովհաննէսեանին եւ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի ուղեկցութեամբ շարունակեց իր ճամբան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր կատարուեցաւ աղօթք եւ մոմավառութիւն:

Մոմավառութենէն ետք Յովհաննէսեան վերադարձաւ Բաղրամեան պողոտայ` իմանալով, որ Անդրէաս Ղուկասեան ձերբակալուած է: Ան բանակցեցաւ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի հետ եւ պահանջեց բանալ փողոցը ժողովուրդին առջեւ: Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ իրենք պիտի չընկրկին, պիտի չյուսահատին եւ պիտի շարունակեն պայքարը, ինք թոյլ պիտի չտայ, որ որեւէ մէկը իր անձնական հաշիւներուն համար օգտագործէ շարժումը:

Երէկ գիշեր աւելի ուշ ոստիկանութիւնը բացաւ Բաղրամեան պողոտան եւ ցուցարարները խաղաղօրէն անցան անկէ:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Կատարեց Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.