Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Նախագահութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 10, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 8 եւ երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2013-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան տարեկան ժողովը: Երեսուն հոգիներէ բաղկացած սոյն ժողովին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Յայտնենք, որ խորհուրդին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները:

Գործադիր վարչութիւնը յաջորդաբար քննեց վարչական, տնտեսական ու ծրագրային բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր: Յատուկ քննութեան նիւթ դարձաւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ շարունակուող կացութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Այս ուղղութեամբ զեկուցումներ տրուեցան ու Գործադիր վարչութիւնը շեշտեց մարդասիրական օգնութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ իսլամ համայնքներուն հետ երկխօսութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

Գործադիր վարչութիւնը լսելէ ետք ընդհանուր քարտուղարին զեկուցումը խորհուրդին անցնող տարուան ընդհանուր գործունէութեան մասին, կատարեց իր գնահատանքն ու արժեւորումը` միաժամանակ փոխանցելով իր կարգ մը նկատողութիւնները: Ապա, խորհուրդի զանազան բաժանմունքները ներկայացուցին իրենց գործունէութեան զեկուցումները:

Նկատի ունենալով, որ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` Փոլ Ռուհաննան եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ վերջին շրջանին, իր հրաժարականը ընդունելով Գործադիր վարչութիւնը` գործադիր ընդհանուր քարտուղար նշանակեց տոքթ. Միշել Ժալխը:

Հանդիպումի աւարտին, Գործադիր վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ընդհանուր կերպով ներկայացնելէ ետք իր աշխատանքին գլխաւոր երեսները, կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան կառչած մնալու իրենց երկիրներուն ու իրաւունքներուն եւ ամրապնդելու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը:

Գործադիր վարչութեան յառաջիկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան դեկտեմբերին` Անթիլիասի կամ Եգիպտոսի մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Աննախընթաց Արկածախնդրութեան Մը Ներկայացումով` «Հրթիռներու Լիբանանեան Ընկերութիւն»-ը Պարզեց, Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կործանիչ Գործիքէ Մը Գիտական Յառաջդիմութեան Խորհրդանիշ Ստեղծել

Յաջորդը

Մամլոյ 80-րդ Լսարան. Թուրքիոյ Վերջին Իրադարձութիւններուն, Ներքին Իրավիճակին Ու Քաղաքական Վերիվայրումներուն Մասին Զեկուցեց Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.