Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Աննախընթաց Արկածախնդրութեան Մը Ներկայացումով` «Հրթիռներու Լիբանանեան Ընկերութիւն»-ը Պարզեց, Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կործանիչ Գործիքէ Մը Գիտական Յառաջդիմութեան Խորհրդանիշ Ստեղծել

April 10, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի պատկան մարմինին, համալսարանի «Հրթիռներու լիբանանեան ընկերութիւն»-ը երէկ` երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կատարեց իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը:

Համալսարանի նախագահին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի եւ Կիպրոսի դեսպաններուն, նախկին թէ ներկայ նախարարներու, երեսփոխաններու, այս առիթով յատուկ Լիբանան ժամանած դոկտ. Մանուկ Մանուկեանի, ակադեմականներու, ուսանողներու եւ հայ թէ արաբ մշակութասէր բազմութեան ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի ընդհանուր յարաբերութեանց տնօրէն Միրա Եարտըմեան: Սեղմ գիծերով ներկայացնելով Ճոաննա Հաճիթումայի եւ Խալիլ Ժըրէյժի բեմադրած-պատրաստած ժապաւէնին բովանդակութիւնը` Եարտըմեան վեր առաւ վաւերագրական այս ժապաւէնին խորհրդանշական կարեւորութիւնը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ իր կարգին դրուատելէ ետք համալսարանը պատմութեան փայլուն էջերուն փոխանցած անցեալի արկածախնդրութիւնը ներկայացնող ժապաւէնը, շնորհակալական խօսքեր ուղղեց զայն իրագործած գլխաւոր դէմքերուն, յատկապէս «Հրթիռներու լիբանանեան ընկերութեան» հիմնադիր, համալսարանի երբեմնի ուսողութեան դասախօս դոկտ. Մանուկ Մանուկեանին, բեմադրիչներ Ժոաննա Հաճիթումային եւ Խալիլ Ժըրէյժին: Վեր. Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ մէջբերեց նշեալ արկածախնդրութեան օրերուն Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի խօսքը, ուր ան «հրթիռային համալսարան» որակած էր Հայկազեանը:

Այս առիթով դոկտ. Հայտոսթեան բեմ հրաւիրեց լիբանանահայ, այժմ քանատահայ հանրածանօթ դերասան-բեմադրիչ Արսինէ Խանճեանը: Հայտոսթեան եւ Խանճեան միասնաբար համալսարանի յատուկ յուշանուէրներ շնորհեցին դոկտ. Մանուկ Մանուկեանին եւ բեմադրիչներ Ժոաննա Հաճիթումային եւ Խալիլ Ժըրէյժին: Խանճեան անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար` վերյիշելով երիտասարդ բեմադրիչներուն հետ իր առաջին հանդիպումը եւ գործակցութեան պայմանները: Իր կարգին, այս ծրագիրի գլխաւոր նախաձեռնող դոկտ. Մանուկ Մանուկեան վերյիշեց 1960-ական թուականներուն «երկրէն լուսին սաւառնելու» իր մանկութեան երազին իրագործման պայմանները` թուելով օրին իրեն հետ գործակցած ուսանող ակադեմական, արուեստագէտ թէ զինուորական անձնաւորութիւնները, յատկապէս` զօրավար Ժոզեֆ Ուեհպէն եւ աշխարհահռչակ հայազգի լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեանը: Այս առիթով դոկտ. Մանուկեան յիշեց նաեւ համալսարանի երբեմնի նախագահ Ճոն Մարգարեանը եւ այլ դէմքեր` մէջբերելով ֆրանսացի փիլիսոփայ Ժան-Ժաք Ռուսսոյի այն խօսքը, թէ` «իրականութիւնը սահմաններ ունի, մինչդեռ երազը, երեւակայութիւնը անսահման է…»: Իրենց կարգին, բեմադրիչներ Հաճիթումա եւ Ժըրէյժ անգլերէնով եւ արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեցին` յիշատակի իրենց յարգանքը յայտնելով իրենց գործընկերներուն եւ ժապաւէնին մէջ նշուած դերակատարներուն` գլխաւոր բացակայ նկատելով այժմ մահացած լիբանանեան բանակի զօրավար Ժոզեֆ Ուեհպէն եւ լուսանկարիչ Ասաատ Ժարատին (որ վերջերս մահացաւ): Արաբերէնով թէ անգլերէնով արտասանուած շնորհակալութեան խօսքերուն մէջ մեծարեալները յատուկ ակնածանքով նշեցին ի միջի այլոց նաեւ լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեանը:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող վաւերագրական այս ժապաւէնը կը խօսի 1961-ին Հայկազեան համալսարանի ուսողութեան դասախօս դոկտ. Մանուկ Մանուկեանի եւ իր ուսանողներուն նախաձեռնած «Հրթիռներու լիբանանեան ընկերութեան» մասին, որ աննախընթաց երեւոյթ էր ոչ միայն լիբանանահայութեան ու Լիբանանի, այլ` համայն միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ: 1961-էն սկսեալ քանի մը անգամով յաջող թռիչքով արձակուած «Արզ 1», «Արզ 2», «Արզ 3», «Արզ 4», «Արզ 5» եւ «Արզ 6» հրթիռներու երեւոյթը բնականաբար կ՛անհանգստացնէր Լիբանանի դրացիները, յատկապէս` թշնամի Իսրայէլը: Ու 1967-ին արտաքին ճնշումներու պատճառով կը կասեցուի հրթիռարձակման արկածախնդրական այս ծրագիրը: Լիբանանեան բանակը կը ստանձնէ ծրագիրի գործադրութեան շարունակութիւնը, որ սակայն իր կարգին կը կասեցուի:

Ուշագրաւ է վաւերագրական այս ժապաւէնին մէջ արաբերէնով թէ անգլերէնով արտայայտուող խօսքերու բովանդակութիւնը, որ օրինակ Ժոաննա Հաճի Թումա ժապաւէնին սկզբնաւորութեան կը խօսի 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու Լիբանան տեղակայման ու դրական ներդրումին մասին լիբանանեան մշակութային, տնտեսական, վարչական թէ այլ մարզերուն մէջ:

Ժապաւէնին մէջ խօսք առած են օրին ծրագիրի գլխաւոր դերակատարներ եւ զօրավիգ անձնաւորութիւններ, ինչպէս` համալսարանի օրուան նախագահ դոկտ. Ճոն Մարգարեան, հանրածանօթ լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեան, զօր. Ժոզեֆ Ուեհպէ, նկարիչ Ասաատ Ժարատի եւ ուրիշներ…

Այս առիթով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով աշխարհահռչակ հայազգի բեմադրիչ-դերասան Արսինէ Խանճեան խիստ բարձր գնահատեց Հայկազեան համալսարանի 1960-ական թուականներու կարգ մը ուսանողներու այս հպարտառիթ իրագործումը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է լաւագոյնս արժեւորել ու օգտագործել հայկական այս աննախընթաց արկածախնդրական իրագործումը` յաչս լիբանանեան թէ միջազգային հանրային կարծիքին:

Իր կարգին, յատուկ այս առիթով Միացեալ Նահանգներէն ժամանած ծրագիրի գլխաւոր նախաձեռնող դոկտ. Մանուկ Մանուկեան իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց` նշելով, որ ինք խորապէս ազդուած ու հպարտ է այս առիթով: Այս առիթով լիբանանահայութեան, յատկապէս երիտասարդութեան ուղղած իր խօսքին մէջ դոկտ. Մանուկեան թելադրեց երազել, երեւակայել եւ իրագործել մեր փափաքները:

 

 

Նախորդը

Տիգրան Քոթանճեան Յատուկ Ցուցմունքներ Փոխանցեց Պատանի Ճատրակ Խաղացողներուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Նախագահութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.