Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 80-րդ Լսարան. Թուրքիոյ Վերջին Իրադարձութիւններուն, Ներքին Իրավիճակին Ու Քաղաքական Վերիվայրումներուն Մասին Զեկուցեց Կիրօ Մանոյեան

April 10, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 80-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը տարածաշրջանին վրայ»: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց Թուրքիոյ ներքաղաքական իրավիճակը: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակութեան ժողովրդականութիւնը ներկայիս մեծցած է, որովհետեւ իսլամամէտ է եւ Քեմալականութեան հակառակ, իսկ երկրորդ պատճառը զօրաւոր տնտեսութեան հիմերու հաստատումն է:

Քրտական հարցին գծով Մանոյեան նշեց, որ ՔԱԿ-ի ղեկավար Օճալանի հետ բանակցութիւններուն մէջ անորոշութիւններ կան, հրապարակուած է 4 հանդիպումներէն երկրորդին սղագրութիւնը, ուր կարեւոր բացայայտումներ գոյութիւն ունին: Այս ծիրին մէջ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Օճալան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն փոխանցած է, թէ 2015-ը կը մօտենայ, եւ այս մէկը յառաջիկային Թուրքիոյ համար խնդիր է:

Կիրօ Մանոյեան

Խօսելով խօսքի ազատութեան մասին` Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիա լրագրող բանտարկեալներ ունեցող պետութիւններու առաջին դիրքը կը գրաւէ, եւ այս ծիրին մէջ իշխանութիւններուն «արդարացում»-ը նոյնինքն միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ այսուհետեւ ընդունելի չեն:

Թուրքիա – Իսրայէլ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` զեկուցաբերը ըսաւ, որ պաղ շրջանէ մը ետք վերաշխուժացած են յարաբերութիւնները` Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն շնորհիւ, եւ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ այս յաջողութիւնը գործածել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ, որպէսզի Թուրքիա Համասի վրայ ճնշում բանեցնէ:

Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ապահովական կառոյցները Թուրքիոյ ապագան փայլուն չեն տեսներ յառաջիկայ 15-20 տարիներուն ընթացքին, քանի որ երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած է, եւ պատճառը` քրտական օրակարգի ներքին զարգացումն է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մեծ ազդեցութիւնը նուազեցնելու մեծ պետութիւններու փորձերը: Մանոյեան ըսաւ. «Եթէ հասնի Թուրքիոյ մասնատումին պահը, մեր դիմաց կը բացուի կարելիութիւն, եթէ մենք իբրեւ պետութիւն պատրաստ ըլլանք»:

Ան շեշտեց, որ Արեւմուտքը գոհ է Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն եւ անմիջապէս գնահատականներ փոխանցած է, որովհետեւ կ՛ուզէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանին ճամբով Թուրքիոյ հետ վարուած քաղաքականութիւնը պահուի ինչպէս որ է:

Մանոյեան նաեւ խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու կարելիութիւններուն, Թուրքիոյ դիմաց հզօր պետութիւն ունենալու կարեւորութեան,  Հայաստանի իշխանութիւններուն` հայութեան իրաւունքներէն չհրաժարելու մօտեցումին, ալեւիներու իրաւազրկուած վիճակին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գործունէութիւններուն, հայ-թուրք համաձայնութեան խնդիրին, թաքուն հայերու իրավիճակին եւ այլ հարցերու մասին: Զեկուցումէն ետք զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Նախագահութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.