
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանին բարին կը ցանկայ եւ մնայուն կերպով կը զօրակցի անոր: «Սակայն Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական սկզբունքներէն է լիբանանեան կամ որեւէ պետութեան ներքին հարցերուն չմիջամտել», ըսաւ ան:
Ասիրի հարց տուաւ, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզ ըլլար, Թամմամ Սալամ Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ՞ր:
Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա օր մը օրանց լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չէ եղած, եւ այդ մէկը իր քաղաքականութեան կամ վարուելակերպին մաս չի կազմեր:
«Թամմամ Սալամի շուրջ գոյացած համախոհութիւնը կը մղէ, որ Լիբանանը սիրող բոլոր կողմերը տեսնեն, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի քաղաքական համախոհութիւն», ըսաւ Ասիրի:


