Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Հետ Գործակցութեան Աստիճանի Ճշգրտման Համար Հայ-Ռուսական Յանձնախումբ

April 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եուրի Նաւոյեան

Ռուսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն ոմանց համար Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցը փակուած չէ: Վերջերս Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած էր նաեւ համարկման հոլովոյթներուն` շեշտելով, որ Մաքսային միութեան անդամները տակաւին ցանկութիւն չունին որեւէ մէկը ներգրաւելու: «Գոնէ մեր մասով ես չեմ տեսած այդպիսի ցանկութիւն: Ես չեմ կրնար չէ՞ այնպէս խօսիլ, որովհետեւ ես իմ մտածածներուս մասին չեմ ըսեր, ես կ՛ըսեմ բանակցութիւններու մասին, կ՛ըսեմ իրականութեան մասին», յստակացուցած էր նախագահը: Վերջինիս այս խօսքը շատերը ընկալեցին իբրեւ «ո՛չ Մաքսային միութեան»:

Սակայն «Առաջին լրատուական» կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին Ռուս-հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան յայտնեց, որ իր կարծիքով` խօսքը մերժելու չի վերաբերիր, այլ Մաքսային միութեան եւ ապագայ Եւրասիական միութեան հետ համագործակցութեան կամ համարկումի մակարդակին: Վերջինս նշեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ասուլիսին այդ հատուածէն տպաւորութիւն ստացած է, որ ան լոյս կը սփռէ Մաքսային միութեան հետ համագործակցութեան աստիճանի ճշգրտման ընթացքին վրայ, ու թէեւ կարծես թէ ապագային կ՛ուրուագծուի դէտ-անդամի կարգավիճակ, բայց տակաւին վերջնական եզրակացութիւններ չկան: Այս հարցով կը գործէ միացեալ յանձնախումբ մը եւ ապրիլին ալ քննարկումներու նոր հանգրուան կը սպասուի:

«Այս հարցով միացեալ յանձնախումբի ստեղծումը արդէն մերժումը բացառող քայլ է, իսկ համագործակցութեան եւ համարկման մակարդակի որոշումը պայմանաւորուած է այդ միաւորումներու կենսունակ ըլլալէն եւ իրական ու փոխշահաւէտ համագործակցութեան ուղղութիւններու որոշումէն: Այդ միաւորումներուն հետ համագործակցութեան քննարկման ձեւաչափերու առկայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանի կամ հայութեան վրայ ճնշումի մասին խօսիլը տեղին չէ, այստեղ արդէն կը գործեն փաստարկուած առաջարկները եւ անոնց վերաբերեալ համաձայնութեան գալու կարելիութիւնները», յայտնեց Նաւոյեան:

Ան նշեց, թէ կան որոշակի մօտեցումներ` Ռուսիոյ նախաձեռնած նոր համարկման նախագիծերուն մէջ Հայաստանը բաւարար չափով աշխուժ չէ, կամ ալ ընդհակառակն` անոնց մասնակցելով պիտի սահմանափակէ իր զարգացման կարելիութիւնները: Սակայն, ըստ Նաւոյեանի, համարկումը կ՛ենթադրէ տարբեր աստիճաններ` թէ՛ ռազմաքաղաքական եւ թէ՛ առեւտրական-տնտեսական մարզերուն մէջ, եւ Հայաստան եւրոպական ու եւրասիական ուղղութիւններով ճիշդ այդ աստիճանները որոշող հոլովոյթներուն մասնակիցն է:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ տեղի ունեցող աշխուժ բանակցութիւններուն` ան նշեց, որ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան խորացումով Հայաստան հետաքրքրական գործընկեր պիտի ըլլայ բոլորին համար: «Օրինակ, չեմ կարծեր, թէ ենթադրենք, Ռուսիոյ հետ լուրջ խնդիրներ ունեցող Հայաստանը աւելի գրաւիչ գործընկեր կրնայ ըլլալ Եւրոպայի համար: Կամ ալ, ենթադրենք, մեկուսացման մէջ գտնուող Հայաստանը աւելի հրապուրիչ գործընկեր կը դառնայ Ռուսիոյ համար:

Ուստի Հայաստան, իր շահերէն մեկնելով, մասնակից է տարբեր համարկման հոլովոյթներուն` առանց զանոնք իրար հակադրելու: Օրինակ, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ ըլլալով` Հայաստան դէմ է ԵւրԱզԷՍի մէջ, Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն զուգահեռ ալ միացաւ ԱՊՀ-ի ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրին: Անշուշտ, նոր փուլին աւելի պատրաստ ըլլալու համար անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ քաղաքական համակարգի վրայ յենող կենսունակ պետական կառոյց, որպէսզի համագործակցութեան զարգացման եւ համարկման տարբեր հոլովոյթները իր շահերուն հետ համադրելու համար Հայաստան բաւարար ներուժ ունենայ», ըսաւ Նաւոյեան:

 

Նախորդը

Շաւարշ Քոչարեան Ընդունեց Մեհմանփարասթը

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Հետ Քննարկեց Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններու Առաջնահերթութիւնները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.