Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւ Ամերիկայի Հելլենիստական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը Ուաշինկթընի Կոչ Կ՛ուղղեն Պահանջել Անգարայէն Դադրեցնելու Հայաստանի Շրջափակումն Ու Կիպրոսի Բռնագրաւումը

March 30, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա օրեր առաջ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն շուտով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու պիտի սկսի` Անդրատլանտեան ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու համար, որմէ ետք թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, ըստ որուն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նամակ յղած է Օպամայի` կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններուն զուգահեռ բանակցութիւններ սկսելու Անգարայի հետ` Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր կնքելու համար:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի հելլենիստական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը միացեալ նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի հարցերով ներկայացուցիչ Տեմեթրիոս Մարանթիսին` կոչ ուղղելով Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ առեւտուրի համաձայնագիր կնքելու դիմաց Անգարայի առջեւ նախապայման դնելու` դադրեցնելու Կիպրոսի ապօրինի բռնագրաւումը եւ Հայաստանի անօրինական շրջափակումը:

«20 մարտ 2013-ին Սպիտակ տունը Քոնկրեսին տեղեկացուց, որ մտադիր է բանակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ` Անդրատլանտեան ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու համար: Այդ համաձայնագիրին միանալու եւ Միացեալ Նահանգներու հետ առանձին Ազատ առեւտուրի համաձայնագիր կնքելու Թուրքիոյ շահագրգռուածութիւնը մենք մտահոգիչ կը նկատենք: Մեր համայնքներուն անունով Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ առեւտրական որեւէ համաձայնագիր կնքելու ատեն իբրեւ օրինական ուժ ունեցող նախապայման Անգարայէն պէտք է պահանջել դադրեցնելու Հայաստանի անօրինական տնտեսական շրջափակումն ու Կիպրոսի ապօրինի բռնագրաւումը», ըսուած է նամակին մէջ:

Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ Ամերիկայի հելլենիստական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն Նիք Լարիկաքիս իրենց միացեալ նամակին մէջ ընդգծած են, որ Թուրքիոյ նման պետութեան հետ առեւտրական համաձայնագիր կնքելը չի բխիր Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի շահերէն: «Մենք կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներու ներդրումներու եւ առեւտուրի մարզին ընդլայնման ուղղուած ձեր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան օրէնքի գերակայութիւնը յարգելու եւ արդար մրցակցային դաշտ ապահովելու սկզբունքներուն վրայ: Թուրքիոյ պարագային, սակայն, ակնյայտ է, որ աջակցելով պետութեան մը, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրը բռնագրաւելով եւ Հայաստանի հետ սահմանը փակելով մեծապէս վնաս կը հասցնէ համաշխարհային առեւտրական համակարգի ամբողջականութեան, Ուաշինկթըն չի նպաստեր մեր ազգային շահերուն, մեր ազգի բարեկեցութեան եւ մեր հիմնարար արժէքներու պահպանման…», նշուած է նամակին մէջ:

Արամ Համբարեան եւ Նիք Լարիկաքիս նաեւ նշած են, որ ուրախ պիտի ըլլան հանդիպելու Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցչութեան գրասենեակի աշխատակիցներուն հետ` խնդիրին առնչութեամբ առաւել մանրամասն քննարկումներ կատարելու համար:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութեան

Յաջորդը

Հանրապետական Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Վերջնագրերուն Եւ Առարկայական Երկխօսութեան Սկսելու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.