Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Պետական Պաշտօնեաներուն Եւ Ուսուցիչներուն Աշխատավարձի Յաւելումները Փոխանցեց Խորհրդարան

March 22, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ութ ժամուան նիստէն ետք կառավարութիւնը երէկ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը փոխանցեց խորհրդարան:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան փոխանցելու կողքին, կառավարութիւնը որոշած է նաեւ  բարեկարգումներու շարք մը, որոնց համաձայն, շաբաթական դրութեամբ աշխատանքի ժամերը պիտի վերածուին 35 ժամի, դատական իշխանութիւններուն տարեկան արձակուրդը պիտի ըլլայ միայն մէկ ամսուան համար` 1-31 օգոստոս, Յաւելուած արժէքի տուրքը պիտի բարձրանայ 15 առ հարիւրի` բջիջային հեռաձայնի, խաւիարի եւ ինքնաշարժի կտորներու պարագային, տուրքերու բարձրացում պիտի արձանագրուի ներածուած ոգելից ըմպելիներու պարագային, դրոշմաթուղթերու արժէքի բարձրացում եւ ծովային կալուածներու աշխատանքներուն վրայ տուրքերու պարտադրում եւ այդ կալուածներուն վրայ անօրինական աշխատանքի պարագային կրկնապատկուած տուրքերու պարտադրում:

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման դրուատեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն կեցուածքները` տարբեր շրջաններու մէջ շէյխերու խոշտանգումի միջադէպերուն ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց նաեւ ապահովական կառոյցներուն որդեգրած ապահովական միջոցառումները` ընդգծելով, որ երկրին դատական իշխանութիւնները պէտք է հետեւողական կերպով հետապնդեն այդ թղթածրարը:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց լիբանանցի մայրերը եւ յայտնեց, որ անոնց լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին վաւերացումը, պետական նշանակումներու ամբողջացումը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը: Ան կոչ ուղղեց վերադառնալու լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստերուն` շեշտելով, որ 2013-ի պետական պիւտճէն սկզբունքով պատրաստ է, եւ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ քննարկել այդ ծրագիրը եւ զայն փոխանցել խորհրդարան:

Նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուց նաեւ իր կատարած ափրիկեան շրջապտոյտին արդիւնքները:

Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկ քննարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող թղթածրարը ֆինանսաւորելու առումով պատրաստուած 19 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթը:

Յայտնենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաւանական նկատած էր պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող թղթածրարին վաւերացումը:

Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի գումարէ երկրորդ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել երէկուան նիստի օրակարգին վերջին երկու կէտերը, որոնք կը վերաբերին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող յանձնախումբերուն կազմութեան մանրամասնութիւններուն:

Պատասխանելով Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մասին լրագրողներուն հարցումին` Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ բանակը քաղաքական ծածկը ունի պէտք եղածը ընելու` աւելի չսրելու համար ապահովական իրավիճակը:

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ Դարձեալ Ապահովական Խախտումներ Կ՛արձանագրուին

Յաջորդը

Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Համար Պիտի Պայքարի 7 Կուսակցութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.