Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենասիրութիւնը Մանրադիտակի Տակ

March 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Փոփոխութեան յարմարողները գոյատեւելու կարողութիւն ձեռք կը բերեն, իսկ փոփոխութեան չենթարկուող ցեղերը` դուրս մնալով եղափոխութեան շրջագիծէն, մերթ ընդ մերթ կ՛ոչնչանան ու լաւագոյն պարագային բրածոյ կը դառնան: Այնուամենայնիւ, իրենց բնական միջավայրէն դուրս ապրող զոհի սփիւռքի գոյատեւման մէկ դարեան ջանքերը սակայն հեռու են վերոնշեալ տեսութեան սահմաններէն, քանի որ այս պարագային փոփոխութեան բոլոր ալիքներուն յարմարիլն ու անոնց ենթարկուիլը պիտի մղէր հաւաքական ինքնութեան ոչնչացման, թէկուզ ապահովեր անձնական գոյութիւնը, քանի որ այս պարագային օտար պայմաններու մէջ սփիւռքը միայն իր կորիզին շուրջ հաւաքուելով եւ  hայկական արմատներուն ապաւինած մնալով կարողացաւ շարունակել որպէս հայ ապրիլ: Փակագիծ բանալով նշենք, որ այս սահմանումը բոլորովին անձեռնմխելի չէ, որովհետեւ հայկական յետարդիական իրականութեան մէջ կ՛ապրին իսլամ հայեր, թաքուն հայեր, օտարացած, բայց իրենց արմատներուն գիտակից հայեր, մէկ հայ ծնողով հայեր եւ այլն, այս խումբին պատկանողները դուրս պիտի ձգենք այս յօդուածէն, քանի որ անոնք կը կարօտին ծաւալուն յօդուածագրութեան: Մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ դասական հայապահպանումը տեղի ունեցած է կորիզի մը շուրջ համախմբուելով, այս գրութեան մէջ զայն պիտի կոչենք հայրենասիրութիւն:

Հայրենասիրութիւնը հայրենիքին հանդէպ սէրն է, հայրենիքին ծառայելն է, անոր բարգաւաճման համար ներդրում ունենալն է` առանց անպայման ֆիզիքապէս գտնուելու հայրենիքի հողին վրայ կամ մաս կազմելու անոր պետական քաղաքական արեւելումին: Հայրենասիրութիւնը հայ մնալն է ու ատիկա յաջորդող սերունդին փոխանցելն է. հայերէնասիրութիւնը հայկական մշակոյթին եւ հաւաքականութեան աշխատանքներուն մաս կազմնելն է: Այս հայրենասիրութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, յատկապէս երբ  իր աւարտին կը հասնի սփիւռքի մասնակցութեամբ կատարուած զինեալ պայքարին ժամանակաշրջանը ու հիւլէական միջուկին շուրջ դարձող մասնիկին բնոյթը կը հեռանայ ատրճանակի ապաւինումէն դէպի քաղաքական  ապաւինումի (լոպիինկ): Ասիկա  պատճառ կը դառնայ նաեւ, որ հայրենասիրութիւնը առնուի հարցականի տակ եւ այդ կը շեշտուի մանաւանդ երբ բազմաթիւ սուրիահայեր կը գաղթեն դէպի օտարութիւն ու մասամբ մըն ալ Հայաստան:

Այս իմաստով, «Դիմատետր» գործածողներս համացանցին վրայ կը հանդիպինք հայրենասիրութեան «դասընթացքներու» շարքի մը, ուր «մտաւորականութեան» եւ գործիչներու խաւ մը, որ յառաջ քշելով հայրենիքի շահերուն տակ քօղարկուած անձնական շահերը հայրենասիրութեան իրենց տեսութիւնը կը պարտադրեն պատերազմի գօտիէն փախուստ տուած սուրիահայ այն հատուածին, որ անձնական կամ ոչ անձնական համոզումով զօրավիգ կը կանգնի վարչակարգին: Հայրենասիրութեան դաս տուողները այդ կը նկատեն ոչ միայն հայրենասիրութեան պակաս, այլեւ ազգային դաւաճանութիւն: Աւելի՛ն, այս նոյն դաս տուողները պահուըտելով երիտասարդ աշխատող գրիչներու ետին, կը յայտարարեն, որ մէկ դար հայրենասիրութեան կորիզին շուրջ հաւաքուած եւ հայ մնալու համար ջանք չխնայած սուրիահայութիւնը կ՛աշխատի ի շահ օտարացման` չափանիշ առնելով միայն սուրիական հայկական կրթական ծրագիրին հետեւելուն, վարչակարգին զօրակցող ցոյցին մասնակցելու իրականութիւնները: Ի՞նչ կը սպասենք գաղթական զանգուածէն. առանց իսկ հոգեպէս պատրաստուելու եւ ծրագիրի մը շուրջ հաւաքուելու, յաջորդ օրն իսկ ամբողջութեամբ  ընտելանա՞յ Հայաստանին եւ անոր կրթական ծրագիրներուն:

Արդէն իսկ տարիէ մը ի վեր սուրիահայութիւնը կը պայքարի թէ՛ իր ֆիզիքական, եւ թէ հաւաքական գոյութեան պահպանման  համար, իսկ մեր շինիչ ծրագիրներ մշակելու ու ձեռք երկարելու փոխարէն միայն կարծիքներ պարտադրելն ու առանց հիմքի միտքեր դրսեւորելը թշնամութիւն կը սերմանէ այն հաւաքականութեան մէջ, որ կը շարունակէ իր տեղը գտնել կորիզին շուրջ:

Ոեւէ մէկուն հայրենասիրութիւնը այլոց պայմաններու տակ հասակ նետած հայրենասիրութեան չափանիշներէն կախեալ չէ, իսկ հայկական դիմագիծի պահպանումը չի կրնար հրապարակի վրայ թունաւոր խօսքերով ու սադրանքներով իրականանալ: Օտար պայմաններու տակ գոյատեւած եւ Տարուինեան գիտութեան դէմ պայքարած ժողովուրդ մը շատ աւելի յարգանքի եւ զօրակցութեան կը կարօտի, քան անոնց` մեր ծրագիրներուն չենթարկուելուն քննադատումներ ընելը առանց իսկ աջակցելու անոնց: Եթէ հայ ժողովուրդին գոյատեւման գաղտնիքը կորիզը եղած է, ապա կորիզին հարցուցէ՛ք, թէ ան ինչպէ՞ս գոյատեւած է ու ապա համարձակեցէք ձեր մատները անոնց դէմքին ճօճել:

 

Նախորդը

Անխախտ Հաւատքով

Յաջորդը

Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.