Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լիբանանը` Հրահրիչ Եւ Զսպիչ Գործողութիւններու Միջեւ

March 20, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներլիբանանեան լարուածութիւնը հանգրուանային մագլցողականութենէն կտրուկ  սրումներու անցում կը կատարէ. սիւննի կրօնաւորներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններ, ձերբակալութիւններ, քաղաքացիական  անհնազանդութեամբ բնութագրուող հակազդեցութիւններ: Զուգահեռ` Սուրիայէն դէպի լիբանանեան տարածքներ կատարուող ռմբակոծումներ, որոնք կ՛արժանանան գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներու դատապարտանքներուն:

Կրօնաւորներուն դէմ կատարուած այս արարքները թէեւ կը դատապարտուին լիբանանեան դաշտը բաղկացնող բոլոր ուժերուն կողմէ, այսուհանդերձ ժողովրդային ցասումը կը շարունակէ իր դրսեւորումները ունենալ: Իրավիճակի հանդարտեցման համար պետական հաստատութիւններ եւ համապատասխան մարմիններ քայլերու կը ձեռնարկեն:

Յստակ է, որ ներլիբանանեան կայունութիւնը թիրախ է: Անոր կը սպառնան այն ուժերը, որոնք կը պատուիրեն նախ գրգռիչ ելոյթներ, կը հրապարակեն յոխորտանքներ, ոչ քաղաքական ճանապարհներով հարցերուն լուծում տալու յայտարարութիւններ: Անոնք, որոնք փողոցին եւ խռովարարութեան կանաչ լոյս կու տան հրահրելու կացութիւնը, փակելու ճամբաները, խոչընդոտելու բնականոն կեանքը: Նաեւ անոնք, որոնք կը դիմեն բռնութեան եւ քայլերու կը ձեռնարկեն կրօնաւորներու դէմ:

Մէկ կողմէ հրահրումը, միւս կողմէ լարուածութեան իրավիճակի ստեղծումով խոշտանգումը եւ կրօնական խորհրդանիշերու դէմ կատարուած աքթերը կը միտին համաժողովրդականացնել բեւեռացումը: Իրավիճակը ապակայունացնելու համար կրօնական գործօնի օգտագործումը մարտավարական պարզ խաղ է կրօնականացուած հասարակութիւններուն, համայնքային համակարգով գործող շրջաններուն եւ երկիրներուն մէջ:

Ամբողջ շրջանը սիւննի-շիի հակասութիւններ սրելով, քաոսային իրավիճակներու առաջնորդելով հարցեր լուծելու բաժանարար ծրագիրներու գործնականացումը կը թուի հասած ըլլալ լիբանանեան հողին վրայ:

Վտանգաւոր եզրի հատումն է, որ կը կատարուի այս օրերուն Լիբանանի մէջ: Հարաւէն մինչեւ հիւսիս, անցնելով Պէյրութէն, ժողովուրդի տարբեր հատուածները իրարու դէմ գրգռելու, հակադրելու եւ դիւրաբեկ համակեցութիւնը անհամատեղելիութեան վերածելու յստակ դաւադրութիւններ կը կատարուին: Չէ բացառուած, որ միեւնոյն կեդրոնը կը թելադրէ մէկ հատուածը միւսին դէմ տրամադրելու եւ իրարու դէմ բախումի առաջնորդելու խաղը:

Խոր ճգնաժամի մէջ եղող Սուրիայէն դէպի Լիբանան արձակուած ռումբերը քաղաքական եւ ժողովրդային լարուածութիւնը այլ հարթութիւն տեղափոխելու նախադրեալները կը նախանշեն:

Համալիբանանեան բարձրագոյն պատասխանատուութիւն պէտք է մշակուած ծրագիրներուն չներքաշելու համար երկիրն ու ժողովուրդը: Լարուած շրջաններուն վրայ իրաւապահ մարմիններուն վերահսկողութիւնը պահելու նախանձախնդրութիւնը զսպիչ գործողութիւններու արուեստին տիրապետում կ՛ենթադրէ: Բայց խնդիրը միայն ապահովական կացութիւնները գետնի վրայ հակակշռելուն չի վերաբերիր անշուշտ: Համալիբանանեան քաղաքական գիտակցութեան վրայ  հիմնուելով դաւադրութիւններուն ընդառաջ չերթալու կամքի դրսեւորումի փաստերու անհրաժեշտութիւնը սուր հրամայական է:

Բեւեռացնելու եւ իրար հակադրելու քաղաքական այս ուղղուածութիւնը նոր օղակներ պիտի կազմէ անշուշտ, եւ նման երեւոյթներու ականատես  պիտի ըլլանք շատ հաւանաբար: Շրջանային տարողութեամբ կիրարկուող քաղաքականութեան մը լիբանանեան երեսն է, որ մենք կը տեսնենք այս օրերուն: Խնդիրը ուրեմն,  ի գին հսկայական զոհողութիւններու համակողմանիօրէն կամքի եւ որոշումի դրսեւորումն է` մերժելու դաւադիր ծրագիրներու ներքաշումը: Այլապէս, շրջանային ճգնաժամերը կրնան պատկերացումներ փոխանցել, թէ ինչ ճակատագիր ու քաոս կրնայ վերստին սպառնալ այս երկրին:

Արուեստական լաւատեսութիւն փոխանցելու համար չէ, որ պէտք է յիշել ու տրամաբանել, որ արձանագրուող դէպքերը կը շարունակեն մնալ սահմանափակ վայրերու մէջ: Համատարած բռնկումի չեն վերածուիր: Կը թուի, որ իրար դէմ լարուած հատուածներու ուժի եւ որոշումի կեդրոնները զսպիչ դերակատարութիւնը կը շարունակեն կատարել համոզումով: Շատ հաւանաբար լիբանանեան արհաւիրքը վերադարձնելու գործընթացը մերժելով. հակառակ` արտալիբանանեան կեդրոններու մշակած ծրագիրներուն:

«Ա.»

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեանի Կոչը` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1963)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.