18 մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավար կազմի եւ բարձրագոյն սպայակազմի տարեկան հաւաքը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց նաեւ հաւաքի ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն:


