Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զէնքերը Սուրիական Ընդդիմութեան Մէջ Ճիշդ Կողմերուն Պիտի Հասնին Եւ Ոչ Թէ Խմբաւորումներու, Զորս Չենք Երաշխաւորեր» Յայտարարեց Հոլլանտ

March 16, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփոյ յայտարարեց, որ եւրոպական վեհաժողովը չէ յաջողած Սուրիա զէնք ուղարկելու արգելքը ջնջելու հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւրոպական վեհաժողովէն ետք յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման հարցին շուրջ որոշում մը որդեգրուի` նշելով, որ անցնող երկու տարիներուն ընթացքին «Սուրիոյ մէջ աղէտը մեծցաւ, զոհերուն թիւը ամէնօրեայ դրութեամբ կը բարձրանայ եւ վերջին ամիսներուն ընթացքին կարելի չեղաւ լուծումի մը հասնիլ, հակառակ միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի ջանքերուն եւ Ապահովութեան խորհուրդի իրերայաջորդ նիստերուն. չյաջողեցանք Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալել»:

Անդրադառնալով սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման հարցին` ան յայտարարեց, որ «զէնքերը սուրիական ընդդիմութեան մէջ ճիշդ կողմերուն պիտի հասնին եւ ոչ թէ խմբաւորումներու, զորս չենք երաշխաւորեր»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կռիւը դադրեցնելու համար պէտք է Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել»: Ինչ կը վերաբերի սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու հարցին, Քամերոն նշեց, որ «պէտք է ճշդենք այն կողմը, որուն զէնք պիտի ուղարկենք»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Գերմանիա պատրաստ է, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի առաջարկին հիմամբ, սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման հարցը վերատեսութեան ենթարկելու, սակայն նշեց, որ այդ հարցը մեծ ուշադրութեամբ պէտք է սերտել:

Մերքել յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին պատճառած արիւնահեղութիւնը ողբերգական հարց մըն է, սակայն նոյն ատեն նշեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքը ջնջելու հարցը պէտք է մեծ ուշադրութեամբ սերտել:

Գերմանիոյ վարչապետը ըսաւ, թէ պէտք է հսկել, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ Գերմանիայէն եւ Եւրոպական Միութենէն այլ կեցուածք ունեցող երկիրները սուրիական վարչակարգին յաւելեալ զէնքեր չուղարկեն:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի զինուորական հետախուզութեան ղեկավար Աւիւ Քոխաւի յայտնած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կը վերահսկէ երկրի տարածքի շուրջ երկու երրորդին, եւ այդ երկրին տապալումը արդէն իրագործուած փաստ է:

Ան զգուշացուցած է, որ սուրիացի ընդդիմադիրներու շարքին կ՛աւելնայ ծայրայեղ իսլամականներուն թիւը, որոնք հիմնական խնդիրը` Ասատի վարչակարգի տապալումը իրագործելէ ետք իրենց ամբողջ ներուժը պիտի ուղղեն Իսրայէլի դէմ:

«Սուրիան պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Կայ Ասատի պետութիւն եւ կայ ապստամբներու պետութիւն, եւ վերջիններուս վերահսկողութեան տակ կը գտնուի երկրի տարածքի երկու երրորդը…», ըսած է Քոխաւի:

Ան վստահեցուցած է, որ Ասատի հաւատարիմ զինուորականները կը պատրաստուին ընդդիմութեան դէմ քիմիական զէնք օգտագործելու: «Ասատ տակաւին այդպիսի հրաման չէ տուած, սակայն ընելու կը պատրաստուի», ըսած է Իսրայէլի զինուորական հետախուզութեան պետը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ 25 փետրուարին Մոկսուա իր կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական իշխանութիւնները պատրաստ են ընդդիմութեան պատուիրակութեան հետ բանակցելու, այդ առումով որոշում որդեգրած են եւ պատուիրակութիւն մը յառաջացուցած:

Բարձրաստիճան աղբիւրները յայտնեցին, որ իշխանութեան պատուիրակութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիէն, անոր մէկ տեղակալէն եւ երեք նախարարներէ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնած էր, որ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ աշխատանք կը տանին պատրաստելու ցանկ մը սուրիացի պատասխանատուներու, որոնց հետ երկխօսութիւնը սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին համար «ընդունելի կ՛ըլլայ»:

Նշենք, որ հինգշաբթի օր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած նամակի մը մէջ Սուրիա սպառնացած էր Լիբանանի մէջ «զինեալ աւազակախումբերը» ռմբակոծել, եթէ շարունակեն սահմանէն Սուրիա թափանցել: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած էր Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ փոխադարձ հրացանաձգութեանց նկատմամբ:

Նախորդը

Իրանեան Օդուժը Փորձած Է Ամերիկեան Առանց Օդաչուի Թռչող Սարք Մը Գրաւել

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.