Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր ան պիտի մասնակցի «Պրեթըն Վուտզ» յանձնախումբի տարեկան ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, յառաջիկայ 19 մայիսին: Ժողովը պիտի քննարկէ դրամատնային համաշխարհային դրութեան սպառնացող մարտահրաւէրները:
Հարկ է նշել նաեւ, որ 25-27 մայիսին Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչը պիտի մասնակցի Շիքակոյի համալսարանի հանրային ռազմավարութեան Հերիս դպրոցի միջազգային խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ան պիտի դասախօսէ տնտեսական ձիւնհալի եւ Կեդրոնական դրամատուներուն ապագային մասին:


