Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Մեծամասնութիւնը Կտրականապէս Կը Մերժէ 1960-ի Ընտրական Օրէնքը Վերակենդանացնելու Փորձերը

March 6, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ներկայացնող երեսփոխաններուն հանդիպումը

Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերը ներկայացնող երեսփոխաններ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իպրահիմ Քանաան, Նաժի Ղարիոս, Ալեն Աուն, Ըսթֆեն Տուէյհի, Այուպ Հըմայէտ, Հասան Ֆատլալլա, Ալի Պեզզի, Նաուար Սահիլի, Սիմոն Ապի Ռամիա, Ալի Ֆայեատ, Հիքմաթ Տիպ, Նաուաֆ Մուսաուի, Հանի Քպայսի եւ Ալի Ամմար, երէկ հանդիպում մը ունեցան:

Հանդիպումին ընթացքին ներկաները խստիւ դատապարտեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ ընտրական յանձնախումբերը կազմելու շրջաբերականին ստորագրութիւնը` զայն նկատելով իր մահկանացուն կնքած 1960-ի ընտրական օրէնքը վերակենդանացնելու փորձ մը:

Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդացուեցաւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի կողմէ:

Քանաան նշեց, որ երկրին գործադիր իշխանութեան կողմէ յանձնախումբերը կազմելու շրջաբերականին ստորագրութիւնը սեւ օր է Լիբանանի համար, որովհետեւ այդ իշխանութիւնը օրինազանցութիւն մը կատարած է` շրջանցելով ազգային կամքը, յատկապէս քրիստոնէական կամքը, որ կտրականապէս կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքը:

Քանաան հաստատեց, որ այդ օրէնքը միայն մէկ անգամուան համար գործադրելի է:

Խորհրդարանական մեծամասնութեան կեցուածքը յայտարարելէ ետք, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Ալի Պեզզի եւ Ալի Ամմար ուղղուեցան Այն Թինէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը քաջատեղեակ է արձանագրուած այս քայլին վտանգին եւ երկրին ընդհանուր կացութեան առթած վտանգին մասին:

Ան աւելցուց սակայն, որ Պըրրի յանձնառու է պահպանելու Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը, խորհրդարանական վարչակարգն ու լիբանանցիներուն ազգային կամքը:

ՆՇԵՆՔ, որ Պըրրի ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որ յայտնեց, թէ յանձնախումբերը կազմելու շրջաբերականին ստորագրութիւնը լիբանանեան ազգային կամքի միասնականութեան հետ կը հակադրուի: Ֆըրզլի շեշտեց, որ այդ քայլը հակասահմանադրական է:

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Փոթորկոտ Նիստ Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.