Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ- ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

May 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռենցօ Թոնտօ եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեսիա-Ճուլիա նահանգի նահանգապետ Ռենցօ Թոնտոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահը նշեց, որ հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները աւանդական բնոյթ ունին եւ պատմութիւնը շատ լաւ հիմք ստեղծած է այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Իտալիոյ հետ բազմաբնոյթ կապերու ու համագործակցութեան խորացումով եւ չափազանց կարեւոր կը նկատէ քաղաքական երկխօսութեան, միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու, առեւտրատնտեսական, կրթամշակութային, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Հայաստանի եւ Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան զարգացումը` ողջունելի նկատելով Ֆրիուլի-Վենեսիա-Ճուլիա նահանգի եւ Տաւուշի մարզին միջեւ ամրապնդուող յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ համագործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքը:

Նահանգապետ Ռենցօ Թոնտօ յոյս յայտնեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին վրայ յարաբերութիւններու սերտացումը լրացուցիչ խթան հանդիսանայ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման համար: Ընդգծելով հայ-իտալական տնտեսական բաղադրիչի կարեւորութիւնը` ան նշեց, որ գործարարական շրջանակներուն միջեւ անմիջական յարաբերութիւնները խթանելու նպատակով իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Հայաստան ժամանած են իտալացի գործարարներ, որոնք իրենց հայ գործընկերներուն հետ պիտի քննարկեն փոխադարձ շահաւէտ եւ հեռանկարային համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Հայաստանեան այցելութեան մասին ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները` իտալացի նահանգապետը նշեց, որ «Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին մենք գտանք մեր ընդհանուր քրիստոնէական արմատները: Ես չափազանց տպաւորուած եմ գեղեցիկ Հայաստանով»:

Նահանգապետը այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, որուն մասին ըսաւ, որ իրեն համար չափազանց յուզիչ եղած է այն, ինչ որ տեսած է եւ լսած:

 

Նախորդը

ՀԱՏՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԱՆԶԷՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՓԱՄՓՈՒՇՏՈՎ

Յաջորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԿԱՇԿԱՆԴՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.