Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս այսօր երկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Կեդրոնական Ասիա, ուր անջատ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի եւ Թիւրքմենիստանի պատկան կողմերուն հետ:
Ֆապիւսի կ՛ընկերակցի տնտեսական մարզերու մասնագէտ գործատէրերու պատուիրակութիւն մը, որ պիտի քննարկէ տնտեսական յարաբերութեանց զարգացումը:


