
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց շարք մը նախարարներ, որոնց հետ քննարկեց ապահովական, դիւանագիտական, դատական եւ մարդասիրական հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց պետական նախարար Փանոս Մանճեան, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել: Քննարկուեցան երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ քաղաքացիական առաջին պսակը պաշտօնապէս պետութեան մօտ արձանագրելու հարցը:
Նախագահ Սլէյման իսլամական արգելափակեալներու թղթածրարը քննարկեց Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահըտի հետ: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ:


