Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ներկայ գտնուեցաւ Ուղղափառ հանդիպումին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին, որուն ընթացքին բացայայտուեցան հանդիպումի մշակած օրինագիծին մանրամասնութիւնները եւ անոր մշակումին պատճառները:
Ուղղափառ հանդիպումը Էշրեֆիէի իր կեդրոնին մէջ ներկայացուց, թէ ի՛նչ պատճառներ մղած են զինք մշակելու ընտրական այդ օրինագիծը` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս այն իրականութիւնը, որ անհրաժեշտ նկատուած է քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքներուն վերադարձը:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին այդ օրինագիծը առաջարկուած է` նպատակ ունենալով փոխանցման շրջան մը ստեղծել:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ այդ օրինագիծին նպատակն է անոր ընդմէջէն յանգիլ Լիբանանի գոյութեան երաշխաւորման:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի կրնար հակասահմանադրական նկատել` աւելցնելով, որ եթէ այդ օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ փոխանցուի, ապա իրենք յստակ պատասխաններ ունին խորհուրդին ուղղելիք իւրաքանչիւր հարցումին:


