Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Կառավարութիւնը Պատրաստ Է Զինեալ Ընդդիմութեան Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու. «Արեան Բաղնիքի Շարունակումը Կրնայ Սուրիոյ Մէջ Պետութեան Փլուզման Առաջնորդել» Կ՛ըսէ Լաւրով

February 26, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոալլեմ եւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ արեան բաղնիքի շարունակումը կրնայ Սուրիոյ մէջ պետութեան փլուզման առաջնորդել: Լաւրով սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց` սուրիական թղթածրարի խաղաղ լուծման հակառակորդներու գրգռութիւններէն չտարուելու եւ շեշտեց, որ «այս իրապաշտ ծրագիրին զօրակցողներուն թիւը կ՛աճի, եւ այդ մէկը պատերազմին մինչեւ վերջնական յաղթանակ շարունակումը ուզողները կը զգան եւ իրենք կը փորձեն ընդդիմութեան շարքերուն մէջ տագնապներ ստեղծել ու արգելք հանդիսանալ երկխօսութեան սկսելու քայլերուն»:

Լաւրով ըսաւ, որ «այս պայմաններուն մէջ սուրիական ղեկավարութեան համար առաւել կարեւոր կը դառնայ երկխօսութեան սկսելուն աջակցիլը շարունակել եւ չարտօնել, որ գրգռութիւնները յաղթեն»:

Մոալլեմ իր կարգին Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Դամասկոս պատրաստ է ընդդիմութեան, ներառեալ` զինեալ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան: «Մենք պատրաստ ենք երկխօսութիւն կատարելու բոլոր փափաքողներուն հետ, ներառեալ` անոր, որ իր ձեռքին զէնք բռնած է, որովհետեւ վստահ ենք, որ բարեփոխումները արիւնահեղութեան ճամբով տեղի պիտի չունենան, այլ` երկխօսութեան ճամբով»:

Ան նշեց, որ այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» է: Ան խօսեցաւ Քայիտայի մէկ մասնաճիւղի Սուրիոյ մէջ մարտական գործունէութեանց մասին` նշելով, որ այդ մասնաճիւղը 28 երկիրներէ, ներառեալ` Չեչենիայէն զինեալներ հրաւիրած է:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը շնորհակալութիւն յայտնեց ռուսական ղեկավարութեան` սուրիական տագնապին նկատմամբ անոր կեցուածքին համար` նշելով, որ այդ կեցուածքը տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարը կը մօտեցնէ:

Մինչ այդ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա իր այցելութիւնները յետաձգուած են, «մինչեւ տեսնենք, թէ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի զարգանան»` նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ տակաւին հանդիպումներ չկան:

«Մենք վարչակարգին հետ երկխօսութեան համար պայմաններ նշեցինք` արգելափակեալներու ազատ արձակումը, սակայն վարչակարգը մերժեց», ըսաւ ան, սակայն հերքեց, որ կառավարութեան հետ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը ձախողած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի դատապարտեց սուրիական վարչակարգին գործած բռնարարքները եւ նշեց, որ անոնք փաստ մըն են, որ Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ «սուրիական հողերուն միութիւնը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր հարց է»` նշելով, որ «Անգարա Իրաքի տառապանքներու բնորդին Սուրիոյ մէջ կրկնութիւնը պիտի չարտօնէ»` աւելցնելով, որ «ոչ ոք պէտք է այդ մէկը արտօնէ»:

Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն վերադարձի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անջատողական գոյացութեան մը ստեղծումը պիտի չարտօնէ` նշելով, որ «այդ գոյացութիւնը, եթէ կազմուի, Թուրքիոյ տարբեր իրաւունքներ եւ լիազօրութիւններ պիտի պարգեւէ»:

Նախորդը

Հռոմի Նոր Պապը Կրնայ Աւելի Շուտ Ընտրուիլ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։