
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր հրաման տուած էր Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրը կանչելու Սայտայի ոստիկանատուն եւ զայն հարցաքննութեան ենթարկելու` Սայտայի մէջ զինեալ երեւոյթներուն մասին: Սակայն շէյխ Ասիր մերժած էր նման հրահանգի ենթարկուիլ:
Աւելի՛ն. երէկ Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ շէյխ Ասիր իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռումիէի մէջ իսլամական արգելափակեալներուն նուիրուած զօրակցական ցոյցին:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին Ասիր շեշտեց, որ պէտք է իսլամական արգելափակեալներուն ներում շնորհել եւ կամ բաւարարուիլ անոնց բանտարկութեան ժամանակով:
«Ի մասնաւորի Զինուորական ատեանին կ՛ըսենք, որ մենք ձեր հետաքննութեան, դատական աշխատանքներուն եւ զինուորական դատարանին վրայ վստահութիւն չունինք», շեշտեց շէյխ Ահմետ Ասիր:

Շէյխ Ասիր հաստատեց, որ պէտք է իսլամական բանտարկեալներուն հաշուոյն արդար ըլլալ: «Մենք համոզուած ենք բոլոր համայնքներուն հետ խաղաղութեամբ ապրելու, սակայն ոչ ոքի պիտի արտօնենք, որ մեր համայնքին հետ վարուի իբրեւ ձախողած համայնք», շեշտեց ան:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ օր համացանցահէններ Լիբանանի խորհրդարանին պաշտօնական կայքէջը ենթարկեցին համացանցահէնութեան:
Այս դէպքին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Համացանցահէնութեան քուէյթեան խմբաւորում»-ը:
Խորհրդարանի պաշտօնական կայքէջը կրեց շէյխ Ահմետ Ասիրի նկարը:
Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը զգուշացուց, որ ինք պիտի հետապնդէ այդ խմբաւորումը:


