Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 25, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յառաջիկայ ուրբաթ, 8 եւ շաբաթ, 9 մարտը դպրոցներուն համար պաշտօնական արձակուրդի օր յայտարարեց` Ուսուցչաց տօնին առիթով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ ամբողջ երկրին չափով ձեւուած է եւ ոչ թէ անձնաւորութիւններու չափով: Ռայի պատրիարքը վաղը պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ռուսիա:

ՇԱԲԱԹ երեկոյեան Ուաթա Մսայթպէ – Քոլա շրջանին մէջ պայթեցաւ ձայնային ռումբ մը, որմէ ետք արձանագրուեցան կրակոցներ: Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը եւ հակակշիռի տակ առին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ դէպքին առնչութեամբ բացին հետաքննութիւն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային թեքնիք յետաձգումը կարելի է` աւելցնելով, որ արդէն իսկ կասկածելի է, թէ այդ ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը կարելի պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած վերջին յայտարարութիւնները դրական են եւ կարելի է անոնց հիման վրայ խորհրդակցիլ` համախոհութիւն մը գոյացնելու նպատակով:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս կոչ ուղղեց վերադառնալու Լիբանանի ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Պար Էլիասի մէջ վառարաններու յատուկ պահեստանոցի մը մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն պատճառով հրկիզուեցաւ ամբողջ պահեստանոցը: Հրդեհին պատճառը ելեկտրական կարճ միացումն էր:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը ամբողջ շաբաթավերջին շարունակեց ոտնձգութիւններ գործել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ. պատերազմական օդանաւեր ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ կատարեցին լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ, ինչպէս նաեւ կեղծ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ըստ ապահովական տեղեկագիրներու, լիբանանցի քաղաքացիներ առեւանգող աւազակախումբերը թիւով 37 են եւ անոնց բոլոր անդամները ճանչցուած են իրենց անուններով:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին Թրիփոլիի մէջ իսլամական էմիրութեան մը յայտարարութեան սեմին` աւելցնելով, որ որոշուած է նաեւ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ այդ էմիրութեան նախագահը: Իտ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ յաջորդ բախումները Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ պիտի չըլլան, այլեւ` իսլամական զինեալ ծայրայեղականներուն եւ լիբանանեան բանակին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկանը զարմանք յայտնած է այն իրականութեան համար, որ Լիբանանի մէջ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը վաւերացնելու տրամադրութիւններ կան:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանը երկու տարիով պիտի երկարաձգուի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը պիտի կազմուի:

Նախորդը

«Ասատ Այլեւս Օրինականութենէ Զուրկ Է Եւ Իշխանութեան Վրայ Կը Մնայ Միայն Բռնի Ուժով» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Զինեալներ Հիւանդանոցէն Կը Փախցնեն Ֆայսալ Քարամէի Դէմ Կրակ Բացողը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.