Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Մոալլեմը Երկուշաբթի Օր, Իսկ Խաթիպը 6 Մարտին Կը Հիւրընկալէ» Կ՛ըսէ Պոկտանով

February 23, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայիլ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Մոսկուա 25 փետրուարին պիտի հիւրընկալէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմը, իսկ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական խորհուրդը պիտի հիւրընկալէ 5 մարտէն ետք, հաւանաբար 6 մարտին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք ուղղակի հանդիպում ունենալու առիթ պիտի չունենան, իսկ Մանաֆ Թլասը` 1 մարտին: Պոկտանով նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն դադրած է Մոսկուայէն պահանջել Ասատի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի վերջինս հեռանայ իշխանութենէն:

Նշենք, որ Պոկտանով «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ սուրիացի ընդդիմադիր գործիչ Հասան Մաննահ 11 մարտին Մոսկուա պիտի այցելէ:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ կատարելու առաջարկին Պոկտանով ըսաւ, որ «Մոսկուա կ՛առաջարկէ այստեղ` Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ երկխօսութիւնը հիւրընկալել, սակայն եթէ երկու կողմերը ընդունեցին հանդիպում ունենալ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, զոր աշխարհագրականօրէն մօտ ըլլալուն պատճառով Նիւ Եորքէն աւելի լաւ կը նկատենք, ապա ոչ ոք պիտի առարկէ»: «Կարեւորը երկխօսութեան մասնակիցներուն անունները ճշդելու, օրինակի համար, թէ Ալի Հայտարը անընդունելի է եւ նախընտրելի է Ֆարուք Շարեհը ըլլայ, վիճելի հարցերէն հեռու մնալն է», ըսաւ ան:

Խօսելով ռուս-ամերիկեան հաղորդակցութեանց եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարար Ճոն Քերրիի ճկունութեան մասին` Պոկտանով ըսաւ, որ «Ճոն Քերրի շինիչ ուղիով կ՛ընթանայ, եւ այն, ինչ որ Լաւրովի հետ հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին տեղի ունեցաւ, անոնք երկու անգամ զրուցեցին եւ համաձայնեցան կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին հանդիպիլ, կը հաստատէ, որ արդարացի է յուսալ, որ ամերիկացիներու հետ աշխատանքը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ երկու կողմերը համաձայն են գլխաւոր սկզբունքներուն շուրջ, որոնք են` սուրիական հողերու միութեան, Սուրիոյ գերիշխանութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ տագնապին քաղաքական լուծումը, եւ մենք յոյս կը յայտնենք, որ մեր ամերիկացի բարեկամները սուրիական ընդդիմութեան մօտ անհրաժեշտ ջանքը թափեն, որպէսզի անոնք երկխօսութեան նկատմամբ ճկունութիւն ցուցաբերեն, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ առնչակից կողմերուն նստելով երկխօսութիւն կատարելու»:

Մէկ  օր առաջ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արգելակած է Ռուսիոյ առաջարկած նախագիծը` Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը դատապարտելու եւ զոհերու հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնելու մասին:

«Դժբախտաբար, Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով կ՛արգելակէ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ահաբեկչական գործողութեան անհրաժեշտ պատասխանը` ատիկա պատճառաբանելով այլ հարցերով: Ակնյայտ է, որ Միացեալ Նահանգները այդ ձեւով զանոնք կը խրախուսեն», նշուած էր ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցչութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը եւ մտադիր են զայն քննարկել սուրիական ընդդիմութեան հետ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ականահարումներու շարքը եւ դարձեալ կոչ ուղղեց` բռնարարքները դադրեցնելու եւ Սուրիոյ մէջ տագնապի քաղաքական լուծումի մը հասնելու ուղղութեամբ ջանք թափելու` նշելով, որ «քաղաքական լուծումը (Սուրիոյ տագնապի լուծման) միակ ուղին է»:

Նախորդը

Իսրայէլ Կոլանի Մէջ Պաշտօնապէս Քարիւղի Պեղման Սկսած Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.