Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

March 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սֆէյր պատրիարք ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը

Մարոնի համայնքի պատրիարք դառնալուն 25-ամեակին եւ եպիսկոպոս օծուելուն յիսնամեակին առիթով, անցեալ շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Սֆէյր պատրիարքին մեծարգութեան ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ պատարագ:

Սֆէյր պատրիարքին հրաժեշտի եւ մեծարգութեան ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնցմէ բացակայեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ նախարար Ժըպրան Պասիլ` փրոթոգոլային սխալի մը պատճառով:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Պենետիկտոս ԺԶ. պապի ներկայացուցիչ կարտինալ  Լիոնարտօ Սանտրի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զինուորականներ, որոնց շարքին` բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ պետական ու պաշտօնական ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Սֆէյր պատրիարք, որ ներկայացուց իր 25-ամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը եւ իր կատարած հովուապետական այցելութեանց արդիւնքները: Ան շեշտեց, որ Աստուծոյ օգնութեամբ ինք տէր կանգնած է իր առաքելութեան եւ փորձած է իր խորհուրդներով եւ քարոզներով մարոնի համայնքը դէպի ճիշդ ուղին առաջնորդել:

Սֆէյր պատրիարք յայտնեց նաեւ, որ ինք ճիգ չէ խնայած այցելելու համար մարոնիական բոլոր շրջանները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորութեան համար:

Իր խօսքին աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց մարոնի եպիսկոպոսներուն` իրեն յաջորդող պատրիարքին ընտրութիւնը կատարելու շրջագիծին մէջ: Ան նաեւ ներում հայցեց բոլոր անոնցմէ, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց դէմ գործած է, եւ աղօթեց առ Աստուած, որ պահպանէ Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Ձեռնարկին աւարտէն ետք Պքերքէի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ քառորդ ժամուան դռնփակ հանդիպում մը` Սֆէյր պատրիարքին եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Սանտրի եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրական Կապրիէլ Քաչիա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Միքաթի նշեց, որ Սֆէյր պատրիարքին ի պատիւ տեղի ունեցած մեծարգութեան ձեռնարկը մէկ բաժինն է այն բանին, ինչին արժանի է Սֆէյր պատրիարքը` նկատի ունենալով, որ ան Լիբանանի պատմութեան մէկ կարեւոր բաժինը կերտած է:

Իր կարգին, Սֆէյր պատրիարքը յաջողութիւն մաղթեց Միքաթիի եւ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ վարչապետին ու կարտինալ Սանտրիի:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՐԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.