Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Սարգսեան Ընդունեց Րաֆֆի Յովհաննիսեանը

February 22, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ 18 փետրուարին նախագահական ընտրութիւններուն եւ յետընտրական շրջանին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան կարեւոր նկատեցին բոլոր հոլովոյթները Հայաստանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն ծիրին մէջ իրականացնելու առաջնահերթութիւնը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք 18 փետրուարի ընտրութիւններուն նախագահի ընդդիմադիր թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան դուրս եկաւ նախագահական նստավայրէն եւ յայտարարեց, որ հանդիպման բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակէ այսօր` Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած հանրահաւաքին ընթացքին:

Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ դիւանագիտական շրջանակներու հետ եւ համակիրներուն կոչ ուղղեց ցրուելու: Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման սկիզբէն վայրկեաններ ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ծառայութիւնը տարածեց հանդիպման լուսանկարը եւ մօտ 30 երկվայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Յովհաննիսեան եւ Սարգսեան բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ կը հետաքրքրուին մէկը միւսին որպիսութեամբ:

Համակիրներու հետ նախագահական նստավայրին առջեւ Յովհաննիսեանին սպասող Ժառանգութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպման օրակարգին վրայ պէտք է ըլլայ իշխանութեան յանձնումը:

Պատգամաւորը յայտարարեց, որ «Րաֆֆի Յովհաննիսեան ժողովուրդին ձայնն է, լիազօրուած ժողովուրդին կողմէ, հետեւաբար ժողովուրդն ալ պիտի պարտադրէ այդ փոխանցումը, որ կը պատկանի իրեն», յայտարարեց պատգամաւորը:

Նախքան Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումը, Րաֆֆի Յովհաննիսեան նաեւ յատուկ ձեւով անդրադարձաւ վերընտրուելու առնչութեամբ Սարգսեանին այս օրերուն ուղղուող շնորհաւորական ուղերձներուն:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի որոշել հայ ժողովուրդի փոխարէն: Հետաքրքրաբար` իմ կողմէս յարգուած երկու վեհափառներուն, իմ կողմէս շատ յարգուած Ռուսիոյ նախագահին միացած է Թուրքիոյ նախագահը իր կանխակալ շնորհաւորանքով: Մնացեալը ձեր հայեցողութեան կը ձգեմ: Բայց կարեւորը հայ ժողովուրդն է, կարեւորը հայ զինուորն է, հայ ոստիկանը, հայ դատաւորը, հայ մարդը իր երկրին մէջ եւ ոչ ուրիշ մէկը», ըսաւ Յովհաննիսեան:

 

 

Նախորդը

Հանրապետական Կուսակցութիւնը Հրաժարեցաւ Ազատութիւն Հրապարակին Վրայ Հանրահաւաք Կատարելէ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հայաստանի Նախագահին Շնորհաւորելու Վերաբերեալ Թուրքիայէն Բացատրութիւններ Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.