
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փիեթոն իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին կառավարութիւն չունի, իսկ Միջին Արեւելքը էական փոփոխութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը ենթակայ են ետքայլի, «իսկ տուեալ կացութեան մէջ Լիբանանի կացութիւնը դիւրաբեկ է եւ ոչ ամուր»:
Այս ծիրին մէջ Փիեթոն յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններն ու պատասխանատուները պէտք է երկրին շահերը գերադաս նկատեն` բաղդատած իրենց անձնական շահերուն եւ կուսակցական հաշիւներուն: «Լիբանանեան հանրային կարծիքը կը սպասէ, որ երկրին կացութիւնը բարելաւուի, որպէսզի քաղաքացիները կարենան իրենց ծրագիրները շարունակել», ըսաւ ան:
Փիեթոն նաեւ հաստատեց, որ Միջազգային հանրութիւնը միջամուխ պէտք չէ ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան, սակայն անոր իրաւունքն է մտահոգուիլ երկրի մը կացութեամբ եւ ցանկալ անոր կայունութիւնը, յատկապէս եթէ այդ երկիրը ազատութեան եւ համերաշխութեան խորհրդանիշ է:
Փիեթոն կոչ ուղղեց, որ լիբանանեան պետութիւնը շարունակէ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն փնտռտուքը եւ ազատէ զանոնք:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, երեսփոխան Միկել Անխել Մորաթինոսը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան առումով, Միքաթիին մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միքաթի համաձայն գտնուած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին յանձնել ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնները:
Նոյն աղբիւրները «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը անցած է դրական հանգրուան` նախատեսելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ յայտարարել կառավարութեան ծնունդը:


