Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Զօր. Աունը

February 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ անոնց յատուկ ընտրական օրինագիծին:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծով պիտի ուղղուին դէպի խորհրդարանի լիագումար նիստ, եթէ բոլոր համայնքներուն համար արդար ընտրական համախոհական նոր օրէնք մը չըլլայ:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Պըրրի իր որոշումին տէրն է եւ ան բոլորին բաւարար առիթ կու տայ խորհրդակցութիւններ կատարելու եւ համախոհութեան հասնելու:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահը ընտրական օրինագիծի քննարկման յատուկ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին առիթ տուած է երկար խորհրդակցութեանց, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է մեծամասնութեան քուէներով վաւերացնել Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը, որ վաւերացուեցաւ նաեւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ իրենք ոչ ոքի իրաւունքը խլած են եւ ոչ ոք իրաւազրկած, այլ` պարզապէս իրենց իրաւունքներուն վերատիրացած են:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք պիտի չնախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստի մը, որ լիբանանեան ազգային ուխտին դէմ է` աւելցնելով, որ ինք պիտի համբերէ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն միջեւ որոշ համաձայնութեան մը յանգիլ, որպէսզի լիագումար նիստին ներկայ գտնուին Լիբանանը բաղկացնող հիմնական շերտերուն ներկայացուցիչները:

 

Նախորդը

Միքաթի Ուիլիըմ Հէյկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեանց Մանրամասնութիւններուն Թղթածրարը Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.