Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Րաֆֆի Յովհաննիսեան Կը Յայտարարէ, Թէ Ինք Հայաստանի Ընտրուած Նախագահն Է. «Մեր Յաղթանակը Պիտի Տանինք Մինչեւ Յաղթանակ»

February 20, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Ժողովրդային հանրահաւաքի վերածուած մամլոյ ասուլիսը

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ դիրքը գրաւած Րաֆֆի Յովհաննիսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ յայտարարեց, որ ինք «ընտրուած նախագահն է»:

Պաշտօնական տուեալներով, ընտրողներուն ձայներուն 36.75 առ հարիւրը հաւաքած թեկնածուն Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ցուցանիշները բնորոշելով իբրեւ «սուտ թուաբանութիւն», քուէներու 58.64 առ հարիւրով նախագահ վերընտրուած Սերժ Սարգսեանին առաջարկեց մինչեւ այսօր երեկոյեան ժամը 5:00 հանդիպիլ իրեն հետ եւ «շնորհաւորել ժողովուրդին յաղթանակը», ինչպէս նաեւ միասին կազմակերպել «իշխանութեան փոխանցումը հայ ժողովուրդին»:

«Ժողովուրդը առաջին հանգրուանին 80 առ հարիւրով յաղթած է, ես թիւ չեմ «խփեր», ինք կը «խփէ» թիւեր», պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` յայտարարեց Յովհաննիսեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ եթէ Սերժ Սարգսեան այսօր մինչեւ ժամը 5:00 չհանդիպի իրեն հետ, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր հետագայ քայլերը:

«Ես արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ եմ: Վաղը ժամը 5:00ին ես կ՛ուզեմ գալ այստեղ զեկուցելու, որ ես հանդիպած եմ պարոն Սարգսեանի հետ եւ ինք ունեցած է այդ ազգային ողնաշարը, այդ ջիղը, այդ ուժը, այդ տղամարդկութիւնը, այդ նախագահականութիւնը` ըսելու, որ «հայ ժողովուրդը յաղթած է եւ ես կը շնորհաւորեմ հայ ժողովուրդին»: Ես ատիկա կ՛ընեմ առանց նախապայմաններու, ես կ՛ըսեմ նոյնիսկ, որ իր պահուածքով, իր բոլոր սխալներով հանդերձ ինք շատ աւելի բարձր է, քան ուրիշ մարդիկ, որոնք վախկոտ ձեւով գրասենեակներուն մէջ, պատերու տակ կենացներ կը խմեն, կը վախնան պայքարէն», ըսաւ Յովհաննիսեան:

«Եթէ վաղը Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորէ ժողովուրդին, ինչպէ՞ս պիտի վարուիք: Դուք պիտի շնորհաւորէ՞ք Սերժ Սարգսեանին` իբրեւ ընտրուած նախագահ» հարցումին Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Ես կը շնորհաւորեմ հայ ժողովուրդին իր յաղթանակին առնչութեամբ, եւ մենք այդ յաղթանակը պիտի տանինք մինչեւ յաղթանակ, ոչ թէ մինչեւ վերջ, յաղթանակը` մինչեւ յաղթանակ»:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ եթէ մինչեւ վաղը ժամը 5:00 իր առաջարկը չընդունուի, ի՞նչ պիտի ընէ, թեկնածուն յայտնեց, որ ինք նախապայմաններով, վերջնագիրներով ածականներ դնող չէ: «Սահմանադրութեան ներքեւ ով որ խոստովանի իր մեղքը, իր սխալը մինչեւ վաղը ժամը 5:00, ինք կը ներուի ոչ թէ իմ կողմէս, այլ հայ ժողովուրդին եւ օրէնքին կողմէ, եւ կ՛ըսեմ, որ իմ մօտս հաւատաքննութիւն չկայ»:

Րաֆֆի Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ այսօր աւելի մանրամասն պիտի խօսի իր ընելիքներուն մասին, բայց խոստացաւ իր «կեանքին գնով» ապահովել, որպէսզի «ժողովուրդը տօնէ իր յաղթանակը»: Ան ընդգծեց, որ պիտի պայքարի բոլոր սահմանադրական միջոցներով, կարելի նկատեց համագործակցութիւնը այլ քաղաքական ուժերուն հետ:

«Չկայ միակ իշխանական կամ ընդդիմադիր ուժ: Բոլորը կրնան դառնալ սահմանադրական ազգային համաձայնութեան ապագայ կառավարութեան մասնակից ուժեր: Ես յաջորդիւ պիտի ներկայացնեմ սահմանադրական եւ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մեր պատկերը, մեր մանրակերտը: Ոչ մէկուն հետ բանակցած եմ, ոչ մէկուն խնդրած եմ, բայց ես կը նկատեմ, որ այլեւս կուսակցական խաղի պահը անցած է: Որ քաղաքացիական հասարակութիւն ենք, թէ քաղաքական ուժեր ենք, մենք պիտի գանք եւ մասնակցինք ապագայի ոչ թէ իշխանութեան, այլ հանրային կառավարման գործին: Եւ պիտի ըլլան այնտեղ Ժառանգութեան, Դաշնակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճի, Հանրապետականի եւ մեծաւ մասամբ ոչ կուսակցական մասնագէտներու անուններ, որոնք պիտի ծառայեն», ըսաւ ան:

Յովհաննիսեանի բացօթեայ ասուլիսին ժամանակ Ազատութեան հրապարակը լեցուած էր քաղաքացիներով, որոնք անոր խօսքը յաճախ կ՛ընդհատէին «Րաֆֆի», «Րաֆֆի, նախագահ» կոչերով: Քաղաքացիներու հարցումներուն թեկնածուն երէկ չպատասխանեց` հիմնաւորելով, որ ասուլիսը լրագրողներուն համար է, իսկ ժողովուրդին վաղուան հանրահաւաքին պիտի լսէ:

Սերժ Սարգսեան Շնորհակալ` Հասարակութենէն

«Շնորհակալ եմ ինծի ընտրողներուն, շնորհակալ եմ մեր հասարակութեան», յայտարարեց Հայաստանի գործող նախագահ, նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեան` 18 փետրուարին նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութեան աւարտէն ժամեր անց` կարճատեւ ելոյթ ունենալով իր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական ընտրական հաւաքին ընթացքին:

Սարգսեան յայտարարեց, որ այս ընտրութիւնները անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ ժողովուրդը ամէնէն պատասխանատու պահերուն կրնայ համախմբուիլ եւ ճիշդ որոշումներ տալ:

Սերժ Սարգսեան նշեց, որ այս ընտրութիւնները ճամբու ընտրութիւններ էին եւ հայաստանցիները ընտրեցին դէպի ապահով Հայաստան տանող ճամբան: Ան ինքզինք երջանիկ եւ հպարտ նկատեց, որ պիտի գտնուի իւրաքանչիւր հայաստանցիի կողքին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր խումբի անդամներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողեցան գիտակցիլ պահու կարեւորութեան եւ միացեալ ջանքերով լաւ ընտրութիւններ կատարել: Սարգսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր մրցակիցներուն, որոնք, ըստ անոր, յաջողեցան Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լրագրողներուն, որոնք ջանք ու եռանդ չխնայեցին լուսաբանելու բոլոր թեկնածուներուն ընտրարշաւը, ինչպէս նաեւ իրաւապահներուն, ոստիկաններուն, ապահովութեան աշխատողներուն:

Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ կարելի եղաւ միացեալ ուժերով ապացուցել, որ կարելի է սեփական ջանքերով լուրջ փոփոխութիւններ իրականացնել երկրին մէջ եւ ատիկա, ըստ նախագահին, մեծ յոյս կը ներշնչէ, որ տեսանելի ապագային այդ փոփոխութիւնները իրենց արդիւնքները պիտի տան:

«Մենք վաղն իսկ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, որովհետեւ ընտրութիւններով ոչինչ կ՛աւարտի, ընդհակառակն` կը սկսի տքնաջան աշխատանքը, եւ մենք բոլորս մեր խումբով պատրաստ ենք կատարելու այդ աշխատանքը», ընդգծեց նախագահը:

«Ես հպարտ եմ եւ յոյս ունիմ, որ բոլոր անոնք, որոնք չեն քուէարկած իմ օգտիս, ըմբռնումով մօտենան մեծամասնութեան որոշման, եւ մենք կայուն միջավայրի մէջ պիտի սկսինք միասին զարգացնել Հայաստանը` մեր բոլորին աչքին լոյսը, մեր հայրենիքը, մեր պարծանքը: Եւ փառք մեր ժողովուրդին: Շնորհակալ եմ», իր խօսքը եզրափակեց Սերժ Սարգսեան:

Նախնական Արդիւնքներու Հրապարակում

Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ համոզում յայտնեց, որ 18 փետրուարի նախագահական ընտրութիւնները «բոլորովին նոր որակի` աւելի բարձր, առաջաւոր որակի ընտրութիւններ էին»:

«Նախանցեալ օրուան ընթացքին իրականացուած քուէարկութեան հոլովոյթը եւ այս ամբողջ ժամանակաշրջանին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ստացած դիմումները, բողոքները, նոյնիսկ եթէ նայինք այն առանձին ահազանգները, որոնք կը ներկայացուին համացանցի միջոցով, թերեւս հիմք կու տան պնդելու, որ այո, իրաւամբ կայացած են, կը կարծեմ որակական առումով բոլորովին նոր որակի` աւելի բարձր, առաջաւոր որակի ընտրութիւններ», ըսաւ Մուկուչեան:

Մուկուչեան նշեց, որ ո՛չ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը, ո՛չ ալ ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբերը խախտումներուն վերաբերեալ դիմում-բողոքներ ստացած են մինչեւ հիմա: Վերահաշուարկ կատարելու դիմումները ներկայացնելու վերջնաժամկէտը աւարտեցաւ երէկ կէսօրէ ետք:

Յանձնախումբին հրապարակած նախնական արդիւնքներով, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան ստացած է քուէներուն 58.6 առ հարիւրը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան ստացած է քուէարկութեան մասնակցած ընտրողներուն 36.75 առ հարիւրին ձայները: Միւս 5 թեկնածուները միասին հաւաքած են 4.6 առ հարիւր:

Նախանցեալ օրուան քուէարկութեան առանձնայատկութիւնը այն էր, որ մարդիկ մտածուած կերպով անվաւեր կը դարձնէին քուէաթերթիկը` այդ մասին յայտարարելով համացանցին մէջ: Յանձնախումբը յայտնեց, որ գրեթէ 51 հազար քուէաթերթիկներ անվաւեր ճանչցուած են:

Ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն արձանագրութիւնը, բաղդատմամբ նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն, ստորագրեցին Յանձնախումբի բոլոր անդամները:

Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին 25 փետրուարին:

Մրցակցութենէ Զուրկ Ընտրութիւններ

Երէկ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի դէտերը ներկայացուցին իրենց եզրակացութիւնը 18 փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Անոնք յայտնեցին, որ այս ընտրութիւնները, նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ, բարելաւուած էին, սակայն թեկնածուներուն ուժային սահմանափակ ներկայացուածութիւնը կ՛ենթադրէր, որ ընտրութիւնները զուրկ էին իսկական մրցակցութենէ:

Ըստ անոնց, քարոզարշաւի ընթացքին, ընդհանուր առմամբ, պահպանուած են կարեւոր ժողովրդավարական ազատութիւնները, ներառեալ` ազատ քարոզարշաւի իրաւունքը:

Դէտերը նշեցին, որ քարոզարշաւը անցաւ խաղաղ եւ լաւ կազմակերպուած մթնոլորտի մէջ: Իսկ ընտրութիւններուն ընթացքին ձեռնարկուեցան թափանցիկութեան ուղղուած կարեւոր քայլեր, ինչպէս նաեւ քուէարկողներու ցուցակը բարելաւելու էական ջանքեր:

Այսուհանդերձ, առաքելութիւնը նկատել տուաւ, որ մասնաւորաբար տեղական մակարդակով յստակ չէ եղած գործող նախագահին քարոզչական գործիչներուն եւ պետական կառոյցներուն տարանջատումը: Ասիկա կը ներառէր վարչական աղբիւրներու սխալ օգտագործում եւ ճնշում հանրային աշխատողներուն վրայ, որպէսզի անոնք մասնակցին ընտրութիւններուն եւ քարոզարշաւի ձեռնարկներուն:

Ըստ դէտերուն, քանի մը ազդեցիկ կուսակցութիւններու թեկնածու չառաջադրելու որոշումը պատճառ դարձած է ընտրողներուն մօտ հակակրանքի եւ վստահութեան պակասի: Անոնք նաեւ կը նշեն, որ ընտրատեղամասերու մեծ մասին մէջ քուէարկութեան հոլովոյթը լաւ կազմակերպուած էր, սակայն դէտերը նկատել տուած են, որ անձնագրերու մելանը չէ ապահոված քանի մը անգամ քուէարկելու դէմ նախատեսուած երաշխիքը, քանի որ դիւրութեամբ մաքրուած է:

Նախորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Ուղղափառ Հանդիպումին Ընտրական Օրինագիծը

Յաջորդը

Խմբագրական. Երեւութական Յառաջընթաց Եւ Խորքային Տեղքայլ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.