Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Շնորհաւորեց Ռայի Պատրիարքը, Ժեմայէլն Ու Ժահժահը Եւ Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Նկատեց Նուաճում Մը

February 20, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երեսփոխաններ կը խմեն զօր. Աունի արեւշատութեան բաժակը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` շնորհաւորելու համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին արձանագրած յաջողութիւնը:

Միւս կողմէ, կէսօրէ ետք զօր. Աուն Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին վաւերացումը նուաճում կը նկատուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ այսօր սպիտակ օր մըն է, որուն ընթացքին իրաւունքները վերադարձուած են իրաւատէրերուն` առանց այլոց իրաւունքները խլելու:

Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ այդ օրինագիծին վաւերացումով լուսանցքայնացած քուէներուն վերադարձած է անոնց արժէքը:

Ան շեշտեց, որ այդ օրինագիծը օրէնքի վերածուելու պարագային ոչ ոք պիտի լուսանցքայնացուի, այլ` բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն պիտի ապահովուի` ընդգծելով, որ իրենք կը փափաքին ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Անդրադառնալով Ռայի պատրիարքին, Ժեմայէլի եւ Ժահժահի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք հաղորդակցութեան ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց` այդ օրէնքին վաւերացման մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին յայտարարած բաց գործադուլին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք համաձայն են խորհուրդին պահանջած արդար պահանջներուն գործադրութեան, «սակայն նրբութիւնը հոն է, որ մենք չենք ուզեր համեստ դասակարգէն առնել եւ համեստ դասակարգին տալ, այլ` կը փափաքինք տուրքեր պարտադրել անոնց վրայ, որոնք նիւթական կարողութիւններ ունին այդ տուրքերը տալու, ինչպէս նաեւ յոյս ունինք, որ կրնանք Լիբանանի մէջ միջակ դասակարգ մը յառաջացնել»:

Յայտնենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստին ընթացքին տօնուեցաւ զօր. Աունի տարեդարձը:

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կտրականապէս Մերժեց Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը

Յաջորդը

Վ. Սապունճեան Ազգային Գործակցութեան Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ «Եունիտօ»-ի Հետ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.