Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 20, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակը երէկ պաշտօնապէս յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա 48 ժամէն չդադրեցնէ սուրիական հողերուն ռմբակոծումը, ապա իրենք պիտի պատասխանեն այդ ռմբակոծումներուն` հարուածելով լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող դիրքեր:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ապահոված է պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի բոլոր յաւելումներուն ֆինանսաւորումները, որոնց թղթածրարը մօտիկ ապագային կառավարութեան կողմէ պիտի փոխանցուի խորհրդարան:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերը պիտի ֆինանսաւորուին առանց պետական գանձարկղին վրայ բեռ դառնալու:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի բոլոր յաւելումները շնորհելու առումով կառավարութիւնը պիտի տայ Լիբանանի կարողութիւններուն համեմատ որոշում մը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած են երեք պայթումներ, որոնք պատճառած են նիւթական վնասներ եւ ոչ թէ մարդկային վնասներ:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեանց աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դէմ ամբաստանութիւն պիտի արձակուի յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ընտրական որեւէ օրինագիծ, որ խորհրդարանի միացեալ նիստերուն կը վաւերացուի` կարեւոր քայլ մը կ՛ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամբողջական կերպով կը պայքարի սուրիական վարչակարգին կողքին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի բոլոր յաւելումները կատարելու առումով տարակարծութիւններ չկան, սակայն այդ յաւելումներուն ֆինանսաւորումը տակաւին վերջնական չէ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները չեն վաւերացուած, որովհետեւ Տնտեսական խորհուրդները մերժած են այդ թղթածրարին վաւերացումը:

«ԻՔՐԱ» միութեան նախագահ շէյխ Պիլալ Տըքմաք նշեց, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ իր կատարած յայտարարութիւններով ինքն իր, ինչպէս նաեւ սուրիական եւ իրանեան վարչակարգերուն վրայ կը խնդայ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան անհրաժեշտ նկատեց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու քայլը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Ատայսէ գիւղաքաղաքի սահմանամերձ շրջանին մէջ, իսրայէլեան Մըսքաֆաամ զինուորական դիրքին մօտեցած ու կեցած են իսրայէլեան երկու հրասայլեր, որոնց կը պաշտպանեն «Համըր» տիպի զինուորական երեք ինքնաշարժներ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու համար մէկէն երկու շաբթուան քննարկումի կարիք կայ:

 

Նախորդը

Անգարայի Մէջ Մաշաալ – Էրտողան Հանդիպում

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանն Ու Զօր. Սերրան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.