Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ եթէ 10 օրէն կարելի չըլլայ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին տեղի պիտի չունենան:
Շարպել շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած տագնապէն:
Շարպել անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին` քաղաքական բոլոր կողմերը գոհացնող ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:
Անդրադառնալով համամասնական եւ մեծամասնական ընտրական օրէնքները միախառնող ընտրական օրէնքին` Շարպել նշեց, որ անիկա բարդ պիտի ըլլայ լիբանանցիներուն համար:


