Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Այսօր Պիտի Սկսին Քննարկել Ընտրական Օրինագիծերը

February 18, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի քննարկումներէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի, 21 փետրուար խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրուած են նիստերու, որոնք պիտի ընթանան օրական երկու նիստերու դրութեամբ` առաւօտեան եւ երեկոյեան նիստեր:

«Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ եթէ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւնները համադրող ընտրական խառն օրինագիծը կարելի չըլլայ վաւերացնել, ապա միացեալ յանձնախումբերուն քննարկելիք առաջնահերթ օրինագիծը պիտի ըլլայ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթ օր ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը գումարեց իր նիստը, որ տեւեց ութուկէս ժամ:

Նիստին նախագահեց երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ, որ յայտնեց, թէ ենթայանձնախումբը որոշ արդիւնքի մը չէ կրցած յանգիլ եւ թէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր (այսօր) անիկա իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ Նեպիհ Պըրրիի:

Պըրրի–Միքաթի Հանդիպում

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:

Ակնարկելով Պահրէյնի մասին հարցումի մը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք այդ մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ խորհրդակցած է եւ շեշտած, որ Պահրէյնի մասին արտայայտուած տեսակէտը անձնական էր:

«Նոյնիսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հաստատեց, որ իր կեցուածքը անձնական կարծիք է եւ ոչ թէ Լիբանանի կառավարութեան տեսակէտը, հետեւաբար կառավարութիւնը` ըստ Ազգային երկխօսութեան նիստին եւ Պաապտայի յայտարարութեան, կառչած կը մնայ իր չէզոք կեցուածքին», ըսաւ վարչապետ Միքաթի` աւելցնելով, որ Լիբանան կը ջանայ Ծոցի երկիրներուն հետ իր հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանել:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ – Արսլան Հանդիպում

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Պատասխանեց Սաատ Հարիրիի Յայտարարութիւններուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։