Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Պաշտօնապէս Սպիտակ Տան Դիմած Է Վերջինիս Կայքէջին Վրայ Տեղադրուած Հակահայկական Խնդրագիրները Ուսումնասիրելու Խնդրանքով

February 16, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Սպիտակ տունէն պաշտօնապէս խնդրած է տեղեկութիւն տրամադրել այն մասին, թէ նախագահի վարչակարգը անվտանգութեան ի՛նչ միջոցառումներ կը ձեռնարկէ հանրայայտ «Ուի տը Փիփըլ» համացանցային խնդրագրային ծրագիրը օտարերկրեայ խարդախութիւններէն պաշտպանելու համար:

Սպիտակ տան գլխաւոր խորհրդատու Վալերի Ճարեթի ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան մասնաւորաբար անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը անհանգստացնող այն հանգամանքին, որ Սպիտակ տան կայքէջին վրայ տեղադրուած հայկական նիւթերով խնդրագիրներու շարքին կայ խնդրագիր մը, որ գրեթէ բառ առ բառ կը փոխանցէ Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի լաւ ֆինանսաւորուող, սակայն անհիմն եւ ատելութեամբ լի հակահայկական արշաւի հիմնական մտքերը, որոնց նպատակն է խեղաթիւրել Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան պատմութիւնը:

Համբարեան իր նամակին մէջ խնդրած է յստակացնել այն հարցը, թէ ինչպիսի՛ կանոններ կը գործեն միջազգային մասնակցութեան համար: Բացի ատկէ, Համբարեան բացատրութիւն պահանջած է անվտանգութեան այն միջոցառումներուն վերաբերեալ, որոնք կը կիրարկուին կառավարութեան հետ երկխօսութեան համար այնչափ կարեւոր այդ գօտին օտարերկրեայ խարդախութիւններէն պաշտպանելու համար:

Համբարեանը Ճարեթի ուշադրութիւնը մասնաւորաբար կը հրաւիրէ «Ուի տը Փիփըլ» կայքէջին վրայ տեղադրուած խնդրագիրներէն մէկուն վրայ, որուն մէջ կը նշուի. «Ուշադիր ուսումնասիրեցէք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի պատմութիւնը, ազրպէյճանական հողերու 20 առ հարիւրը հայկական զօրքերուն կողմէ շրջափակման մէջ է»:

Ինչպէս հետագային ի յայտ եկած է, որ այս խնդրագիրը ուղիղ կապ ունի Ազրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի ղեկավարած Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամին հետ: Ատիկա կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ ի տարբերութիւն «Ուի տը Փիփըլ»-ի վրայ տեղադրուած միւս խնդրագիրներուն, որոնց տակ կը նշուի ստորագրողներու բնակութեան վայրը, հակահայկական խնդրագիրներու պարագային հազարաւոր ստորագրողներու աշխարհագրական վայրը անյայտ է:

Նախագահ Ալիեւը, որ բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, թէ «իրենց գլխաւոր թշնամին աշխարհի հայերն են», քանի մը ամիս առաջ հակահայկական քարոզ սկսած է նաեւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ` յայտարարելով, որ «Հայաստանը արժէք չունեցող երկիր է»: Ան նաեւ բարբանջած է, որ Երեւան հայերու կողմէ գրաւուած ազրպէյճանական քաղաք է:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մշտապէս կը հետեւի այս զարգացումներուն` տեղեկացնելով Քոնկրեսը, նախագահի վարչակարգը, ինչպէս նաեւ լրատուական դաշտը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ուղղուած ազրպէյճանական սպառնալիքներու, յարձակողապաշտ գործողութիւններուն մասին:

 

 

 

Նախորդը

Ղանեմ. «Ատուան Ներկայացուցած Է Ընտրական Օրինագիծ Մը, Որ Կը Սրբագրէ Քրիստոնեայ Ներկայացուցչութիւն Եւ Կ՛երաշխաւորէ Հաւասարակշռութիւնը»

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կոչը` Ընտրողներին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.