Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Նախարար Նահհասը

February 16, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նահհաս եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց կարգ մը նախարարներու կողմէ Իրաք կատարուելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւններուն վերաբերող կարգ մը կարեւոր հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Նահհաս յայտնեց, որ այս հանգրուանին կարեւոր էր անդրադառնալ նաեւ ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահը այդ օրէնքին մասին քաջատեղեակ է: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կարելի ըլլայ դուրս գալ այդ փապուղիէն, որմէ եթէ չկարենանք դուրս գալ, ապա երկիրը պիտի մխրճուի այլ տագնապներու մէջ:

Անդրադառնալով հացագործներուն եւ փուռերուն կողմէ յայտարարուելիք գործադուլին` Նահհաս նշեց, որ այդ հարցը քննարկումի առարկայ է եւ կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ նման գործադուլ մը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Նէյլա Մուաուատ, որ շեշտեց, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նպատակն է հզօրացնել լիբանանեան պետութիւնը, որ կը պահպանէ լիբանանցի քաղաքացիին ինքնութիւնը:

Մուաուատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Լիբանանը մնայ անկախ եւ գերիշխան` աւելցնելով, որ իրենք իրենց արժէքներուն նկատմամբ երբեք թոյլ կեցուածք պիտի չորդեգրեն:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առումով, նոյնիսկ եթէ ստիպուի ամէնօրեայ դրութեամբ, տիւ ու գիշեր ներկայութիւն ըլլալ խորհրդարանին մէջ:

 

Նախորդը

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Վերահաստատեց Յառաջիկայ Երեքշաբթի Օր Իր Գործադրելիք Բաց Նստացոյցը

Յաջորդը

«Կառավարութիւնը Երկուշաբթի Օրուան Իր Նիստին Ընթացքին Յաւելումները Պիտի Յղէ Խորհրդարան» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.