Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Մէջ Բանակի Անցարգելին Հետ Հարցեր Եւ Զօր. Քահուաժիի Այցելուները

February 16, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոնելլի եւ զօր. Քահուաժի

Արսալի մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցաւ ապահովական միջադէպ մը, երբ Արսալի բնակիչները ցոյց մը կատարեցին Արսալի մուտքին զետեղուած լիբանանեան բանակի անցարգելին մօտ եւ ճամբան փակեցին հրկիզուող անիւներով` պահանջելով վերցնել Արսալի մուտքին զետեղուած բանակին անցարգելը:

Անցարգելին մօտ գտնուող զինուորները օդը կրակեցին եւ արցունքաբեր կազեր օգտագործեցին` ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք քարկոծեցին բանակը:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն այցելութենէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու աշխատանքին` զայն նկատելով Լիբանանի պաշտպան միակ օրինական ուժը, որ պէտք է պաշտպանէ երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Քոնելլի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` պաշտպանելու համար երկրին խաղաղութիւնն ու հանդարտութիւնը` կոչ ուղղելով յարգելու Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք ազդեցութենէն եւ շեշտուեցաւ, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ շեշտեց, թէ իրենք մնայուն կերպով կը զօրակցին լիբանանեան բանակին, որ երկրին փրկութեան երաշխիքն է:

Ուահապ ողջունեց Արսալի մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին բանակին գործադրած ապահովական քայլերը` հիմնուելով անոր հրամանատարին հրահանգներուն վրայ:

Ուահապ անհրաժեշտ նկատեց բոլոր յանցագործները պատժելու եւ լիբանանցի քաղաքացիները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Եարզէի այցելուներէն եղան նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մանսուր Ապտալլա, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ:

Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Վերահաստատեց Յառաջիկայ Երեքշաբթի Օր Իր Գործադրելիք Բաց Նստացոյցը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.