Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան Ը. Տարելիցին Առիթով` «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ձեր Կողքին Պիտի Ըլլամ, Ի՛նչ Ալ Ըլլայ Ընտրական Օրէնքը» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

February 15, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպութեամբ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին «Պիել»-ի մէջ նշուեցաւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Ը. տարելիցը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներ:

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին տեղի ունեցած ձեռնարկին հիմնական բացականերն էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հօր սպանութեան յիշատակին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու նահատակներուն թափած արիւնը աւելի զօրաւոր է, քան` զէնքի կուսակցութիւնները եւ Ասատի ու Մեմլուքի դաւադրութիւնները, որոնք կը միտին քանդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«Հըզպալլա իր մօտ ունի հրթիռային համակարգ մը եւ զինուած է արդիական կերպով, ունենալով զէնքեր` աւելի քան բանակը: Այս իրականութիւնն է ամէնէն վտանգաւորը, որ լիբանանցիներուն միջեւ լարուածութիւն կը ստեղծէ, իսկ Հըզպալլա խիստ կերպով կը մերժէ ընդունիլ այս իրականութիւնը եւ կը շարունակէ կառչած մնալ այն տարազին, որ բոլոր քաղաքականութիւնները պէտք է ըլլան Հըզպալլայի զէնքին ետին», ըսաւ Հարիրի:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա պատրաստ է իր բոլոր նախարարներուն բաժինը կառավարութեան նուիրելու, պայմանաւ որ չկազմուի կառավարութիւն մը, որ կ՛անդրադառնայ իր զէնքին:

Սաատ Հարիրի նշեց նաեւ, որ Հըզպալլա պատրաստակամութիւն յայտնած է համաձայնութիւն յայտնելու իր դաշնակիցին` զօր. Միշել Աունի, որ կը զօրակցի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին, որպէսզի Լիբանանի խորհրդարանը պահէ իր զէնքին հովանիին տակ:

Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ Հըզպալլա պատրաստ է նաեւ արտօնելու Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներու բացայայտման նպատակով կազմուած Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը եւ պատրաստ է Դիմադրութեան ու Սուրիոյ դէմ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի քննադատութիւններուն խուլ ականջ դարձնելու, պայմանաւ որ իր ապազինման թղթածրարը քննարկումէ հեռու մնայ:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ ինք պիտի ըլլայ իր համակիրներուն կողքին, ի՛նչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքը եւ ի՛նչ ալ ըլլան մարտահրաւէրները կամ վտանգները:

Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը անպայման պիտի տապալի` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը քաղաքական եւ քաղաքացիական հոսանք է, որ կը յատկանշուի իր չափաւորականութեամբ ու ժողովրդավարութեամբ եւ երբեք դէպի ծայրայեղութիւն պիտի չուղղուի:

Իր կարգին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան անունով խօսք մը արտասանեց ընդհանուր քարտուղարութեան գործավար, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ, որ յայտնեց, թէ Լիբանան վտանգի դիմաց կը գտնուի եւ թէ զայն կարելի չէ փրկել` առանց վերադառնալու Մայրիներու յեղափոխութեան խորհուրդին:

Նշենք, որ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքին ընթացքին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք աւելի ուշ վերածուեցան Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ հրացանաձգութեան` նկատի ունենալով, որ Թըպպանէի մէջ արձակուած ուրախութեան փամփուշտներէն վիրաւորուած էին Ժապալ Մըհսենի երկու բնակիչները:

Մինչեւ ուշ երեկոյեան լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատները խստացուցին շրջանին մէջ իրենց հսկողութիւնը:

Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ շրջանին մէջ Ֆրանսական դրամատան մօտ նետուեցաւ ռումբ մը:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման. «Կարմիր Ծաղիկ Մը Զետեղենք Ազգային Նահատակի Մը Կամ Ուսուցիչի Մը Ամենամօտ Շիրիմին»

Յաջորդը

Թուրք Ընդդիմադիր Երեսփոխան Մը Դիմած Է Խորհրդարան` Սամաթիոյ Հայերուն Դէմ Բռնարարքները Ուսումնասիրելու Պահանջով

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.