
Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ սէուտական օրաթերթի մը կողմէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ հրապարակուած ծաղրանկարները խստիւ դատապարտելի են` աւելցնելով, որ այդ արարքը կը նկատուի հոգեւոր պետերուն նկատմամբ անարգանք եւ մտքի ազատութեան շահագործում:
Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ այս արարքով կ՛անարգուի նաեւ մարոնի եկեղեցին:
«Մտքի ազատութիւնը եւս չափ ու սահման ունի, որոնք պէտք չէ շրջանցուին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Պքերքէի կողմէ որեւէ հակազդեցութեան բացակայութեան` Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ «հակազդեցութիւն պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք պէտք է յարգեն եւ ապա ուրիշները: Մենք նոյնիսկ յարմար չենք տեսներ այդ արարքին դէմ դատական հարց յարուցել եւ կը հաւատանք, որ զայն պէտք է դիտենք իր չափին մէջ», ընդգծեց Մազլում եպիսկոպոսը:


