«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Իվանովսքի յայտարարած է, որ Մոսկուա այլեւս պիտի չպնդէ Թուրքիոյ կողմէ այն փաստին հրապարակային ընդունման վրայ, թէ հոկտեմբեր 2012-ին Թուրքիոյ կողմէ էջք կատարելու պարտադրուած Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող ճամբորդատար օդանաւին մէջ զէնք-զինամթերք չէ եղած:
«Կրնամ ըսել, որ օդանաւին հետ կապուած միջադէպը փակուած է: Այդ մասին կը վկայէ դեկտեմբերին Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա բարեյաջող այցելութիւնը եւ ատոր յաջորդած ռուս-թրքական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած նոր քայլերը», ըսած է դեսպանը:


