«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ իշխանութիւնները երեք միլիոն եւրօ սկզբնական գինով աճուրդի հանած են վարդագոյն լողափերով յայտնի եւ Լա Մատալենա արշիպեղագոսին մաս կազմող Պուտելլի կղզին:
Italia.ru կը նշէ, որ նախքան աճուրդի հանուիլը, Պուտելլի պատկանած է միլանեան ընկերութեան մը, որ այժմ սնանկացած ճանչցուած է: Մասնագէտներուն կարծիքով, Պուտելլին անկասկած երեք միլիոն եւրոյէն շատ աւելի բարձր գինով պիտի վաճառուի:
Սակայն աճուրդը կրնայ չեղեալ յայտարարուիլ, եթէ գործին խառնուի իտալական կառավարութիւնը, մասնաւորաբար` կենսոլորտի նախարարութիւնը` իր իրաւունքները ներկայացնելով այդ կղզիին նկատմամբ, որ ի միջի այլոց ազգային արգելոցի մէկ մասն է:


