Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թունուզի Մէջ Ընդդիմադիր Ղեկավարի Մը Ահաբեկումը Բողոքի Ցոյցեր Եւ Անկարգութիւններ Կը Հրահրէ

February 7, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շուքրի Պելիտ

Թունուզի մէջ ընդդիմադիր ղեկավարներէն Շուքրի Պելիտ մայրաքաղաք Թունուզի մէջ գտնուող իր տան առջեւ ահաբեկուեցաւ: Անոր ազգականները յայտնեցին, որ ան իր վիզէն եւ գլխէն փամփուշտ ստացած է: Յունուար 2011-ին «Արաբական գարնան» սկիզբէն ի վեր ասիկա քաղաքական գործիչի մը ահաբեկման առաջին պարագան է:

Աշխարհիկ քաղաքական գործիչ Պելիտ իսլամական Նահտա կուսակցութեան ղեկավարութեամբ կառավարութեան ականաւոր ընդդիմադիր մըն էր եւ անոր սպանութիւնը ամբողջ երկրին տարածքին բողոքի ցոյցեր, ինչպէս նաեւ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ հրահրեց: Պելիտ ձախակողմեան Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան գործավարն էր: Ան շաբաթ օր Նահտա կուսակցութեան կողմէ վարձուած «վարձկաններ» ամբաստանած էր Ժողովրդային ճակատի ժողովի մը դէմ կատարուած յարձակումին համար:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ «սպանութիւնը Թունուզը կը զրկէ իր ամէնէն քաջարի եւ ազատ ձայներէն մէկէն»:

Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքի դատապարտեց Պելիտի սպանութիւնը եւ Ֆրանսա իր այցելութիւնը ընդհատելով վերադարձաւ երկիր: «Մեր խաղաղ յեղափոխութեան բազմաթիւ թշնամիներ կան եւ անոնք վճռակամ են անոր ձախողութիւնը ապահովելու», ընդգծեց Մարզուքի:

Երկրին վարչապետը յայտնեց, որ Պելիտի սպանութիւնը «ահաբեկչական արարք» մըն է, եւ խոստացաւ ամէն ջանք թափել զայն գործադրողը «անմիջապէս» ձերբակալելու համար:

Ժողովրդային ճակատ կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կառավարութիւնն ու իշխանութեան բոլոր թեւերը Պելիտի սպանութեան քաղաքական եւ ապահովական պատասխանատուութիւնը կը կրեն: Կուսակցութիւնը կառավարութեան հրաժարականը պահանջեց:

Իսլամական Նահտա կուսակցութեան ղեկավար Ռաշետ Ղաննուշի հերքեց, որ իր կուսակցութիւնը Պելիտի սպանութեան հետ որեւէ առնչութիւն ունի: «Անկարելի է, որ իշխող կուսակցութիւնը կատարէ այսպիսի ահաբեկում մը, որ երկրին մէջ ներդրումներն ու զբօսաշրջութիւնը պիտի ջլատէ», ըսաւ ան եւ արարքին համար պատասխանատու նկատեց Թունուզի 2011-ին ընթացք առած յեղափոխութիւնը դէպի ժողովրդավարութիւն փոխանցման ընթացքէն դուրս բերել ուզողները: Ան նշեց, որ «Թունուզ յեղափոխութենէն ի վեր մեծագոյն տագնապէն կ՛անցնի»:

Զայրացած ցուցարարներ երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ յարձակում գործեցին Թունուզի իշխող իսլամական Նահտա կուսակցութեան կեդրոնատեղիներուն դէմ: Ցուցարարները բացագանչեցին, որ «երկրորդ յեղափոխութիւն» մը կ՛ուզեն: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ երկրին ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ: Ցուցարարներ մայրաքաղաք Հապիպ Պուրքեպա թաղամասին մէջ պատնէշներ բարձրացուցին:

Աւելի ուշ, Թունուզի վարչապետը մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը եւ տագնապի լուծման բջիջի մը կազմութիւնը յայտարարեց:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Տագնապը Լուծուելու Պիտի Սկսի, Եթէ Ընդդիմութիւնը Որոշէ Կառավարութեան Հետ Երկխօսութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Կաթիլով

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ «Փաթրիոթ»-ներու Տեղակայումը Աւարտած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.