Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Մուսթաքպալ Հոսանքի Նախաձեռնութիւնը Փոխանցեցի Կառավարութեան` Իմանալու Համար Անոր Կարծիքը»

February 7, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան վտանգաւոր հանգրուան մը թեւակոխած է եւ կարիքը ունի քաղաքական բոլոր կողմերուն հասկացողութեան եւ ըմբռնումին, ինչպէս նաեւ ազգային համախոհութեան:

Խորհրդարանի նախագահը մաղթեց, որ այդ համախոհութեան սկիզբը ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց գրգռութիւններ հրահրող յայտարարութիւնները եւ Աստուծմէ հայցեց Լիբանանը փրկել այդ գրգռութիւնները հրահրող կարգ մը լիբանանցիներէ:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի դէմ Պուլկարիոյ արձակած ամբաստանութեան` Պըրրի հաստատեց, որ այդ մէկը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն չի ծառայեր, այլ` թշնամիին շահերուն կը ծառայէ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ներկայացուած սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկը կատարելու համար պէտք է սպասել մինչեւ մարտի երկրորդ կէսը, իսկ այդ նախաձեռնութեան երկրորդ մասը, որ կը վերաբերի Լիբանանը տարբեր ընտրաշրջաններու բաժնելու հարցին, ապա Պըրրի այդ առաջարկը փոխանցեց կառավարութեան, որպէսզի անոր կարծիքը իմանայ, նախքան այդ առաջարկը խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն ներկայացնելը:

Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ ինք տակաւին կը սերտէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծի նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ ինք Հարիրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անոր փոխանցած է, թէ Ծերակոյտի մը կազմութեան առումով ներկայացուած օրինագիծը յառաջիկայ 19 մարտէն առաջ խորհրդարան չի կրնար ներկայացնել, որովհետեւ այդ օրինագիծը վաւերացնելը սահմանադրութեան փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ:

Անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքին կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ իրենց ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը կրնայ քրիստոնեայ համայնքին քուէներով խորհրդարան հասցնել 48 քրիստոնեայ երեսփոխան, Պըրրի հարց տուաւ. «Եթէ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն չի գտնուիր կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծին, որուն գործադրութեան հիման վրայ քրիստոնեայ համայնքին քուէներով խորհրդարան կրնան հասնիլ 48-52 քրիստոնեայ երեսփոխաններ»:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առումով` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելը ամէնէն վտանգաւոր հարցերէն պիտի ըլլայ:

Նախորդը

Ընտրական Օրինագիծի Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Մանրամասնօրէն Քննարկեց Շեհայէպի Առաջարկը

Յաջորդը

Բանակին Գաղտնի Սպասարկութիւնը Բերման Գիր Հրապարակեց Արսալի Քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի Դէմ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.