Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԱՆՑԱՒ ԵՒ ՄԵՐ ԵՏԻՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՇԱԱՊԱՆ

May 11, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պուսայնա Շաապան

Սուրիոյ նախագահի մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Սուրիան փոթորկած յեղափոխութեան ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը անցաւ եւ մեր ետին կը գտնուի»` վստահեցնելով, որ սուրիական կառավարութիւնը կացութիւնը հակակշիռի տակ առած է:

Շաապան յայտնեց, որ «յոյսով եմ, որ այս հարցին վերջին հանգրուանը կ՛ապրինք», եւ աւելցուց. «Կը կարծեմ, որ ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը մեր ետին է: Կը յուսամ եւ կը կարծեմ»: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ըլլայ առիթ մը, զոր օգտագործելով «կարենանք շարք մը մարզերու մէջ, մասնաւորաբար քաղաքական մարզին մէջ յառաջդիմելու»:

Սուրիոյ նախագահի մամլոյ խորհրդականը նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է միջազգային որեւէ դատապարտում կամ պատժամիջոց դիմակայելու` աւելցնելով, որ սուրիական կառավարութիւնը կը նախատեսէ, որ ցուցարարներուն դէմ որդեգրուած միջոցառումները յաջողութեամբ պսակուին: «Զինեալ ըմբոստութիւն կատարողներուն նկատմամբ ներողամիտ չենք կրնար գտնուիլ», ընդգծեց ան:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի 13 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որոնց շարքին Սուրիոյ նախագահի եղբօր` Մահեր Ասատի, եւ անոր մօրեղբօրորդիին` գործարար Ռամի Մախլուֆի, գաղտնի սպասարկութեան պետ Ալի Մամլուքի եւ ներքին գործոց նախարար Մուհամատ Իպրահիմ Շաարի, Դամասկոս նահանգին մէջ զինուորական տեղեկահաւաքի բաժանունքի ղեկավար Ռըսթոմ Ղազալէի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրեց:

Եւրոպական Միութիւնը նաեւ արգիլեց Սուրիա արտածել զէնքեր, որոնք կրնան ցուցարարները ճնշելու համար օգտագործուիլ:

Միւս կողմէ, սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լիբանանեան «Պինա» օրաթերթին յայտնեց, որ Պանիասի մէջ արմատական կազմակերպութեան մը ղեկավարներու եւ իսրայէլեան Մոսատի սպաներու ձերբակալման մասին տեղեկութիւնները ճշգրիտ են: Ան աւելցուց, որ Մոսատի գործակալները եւրոպական եւ արաբական անցագիրներ կը կրեն, իսկ ոմանք` սուրիական կեղծ փաստաթուղթեր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն  Դամասկոսի մէջ իր դեսպանը տուն կանչելու ծրագիր մը չունի:

 

Նախորդը

«ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ. ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԻ ՋԵՐՄ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻՆ

Յաջորդը

ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.